Արցախի անկախութեան օրուան նշումին առթիւ կարեւոր հարցադրում է թէ արդեօք փակուա՞ծ է Արցախի էջը, թէ՞ ոչ։ Յստակ է Հայաստանի կառավարութեան ռազմավարութիւնը՝ չբարձրացնել Արցախի խնդիրը, նախապատւութիւնը տալ Խաղաղութեան դաշինքի ստորագրութեան։ Արդեօք չբարձրացնել կը նշանակէ՞ փակել այդ էջը։ Բնա՛ւ, երբե՛ք։ Որքան Հայաստանի իշխանութիւնները լռեն, այնքան Ռուսաստան, Ազերպայճան եւ Հայաստանի ընդդիմութիւնը որ ռուսական ազդեցութեան ենթակայ է, պիտի բարձրացնեն։ Այս առթիւ Փաշինեանի ակնարկին թէ՝ «Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը՝ Նոյեմբեր 9-ին մնաց», Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հակազդած է ըսելով. «Ես չեմ լսած, որ ոեւէ մէկը մերժած կամ յետս կոչած է զանոնք (յայտարարութեան տրամադրութիւնները)»։
Ալիեւ Ուաշինկթընի մէջ ձեռք ձգեց Մինսքի խումբի լուծարքը. այդ քայլին գլխաւոր նպատակն էր միջազգային հարթակէն վերջնապէս վերացնել Ղարաբաղի հարցը։ Արդէն 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը ոտնակոխած էր Մինսքի խումբի նպատակն ու սկզբունքները։ Սակայն, անոր փոխարէն Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ ի յայտ եկած էր Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, որուն 9-րդ կէտը կը վերաբերէր ռուսական կողմի վերահսկողութեան տակ՝ Հայաստան-Ազերպայճան բաց հաղորդակցութիւններու հարցին։ Ալիեւ Հայաստանէն պահանջեց Մինսքի խումբի լուծարքը, առանց համարձակելու պահանջել ջնջումը Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան եւս, որ Արցախի հարցին նկատմամբ աւելի պահանջատիրական ու այժմէական առաջադրանքներ կը պարունակէ, եւ որու վերոնշեալ 9-րդ կէտը Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնագրով դարձաւ Թրամփի գլխաւոր ձեռքբերումը՝ Սիւնիքի ճանապարհին 100 տարուան համար ամերիկեան ընկերութեան մը արտապատուիրակումովը։ Երեւոյթ մը որ ռուսական կողմին համար անընդունելի պիտի ըլլար սովորական պայմաններու մէջ, սակայն ուքրաինական պատերազմին բերումով՝ ԱՄՆ-ու առիթ տուաւ ներթափանցելու Հարաւային Կովկաս։
Այս իրողութիւններու լոյսին տակ պէտք է ընթերցել Արցախի անկախութեան օրուան նախօրեակին՝ Նարեկ Կարապետեանի ղեկավարութեամբ հիմնադրութիւնը «Մեր ձեւով» ժողովրդական կամաւորական շարժումին, որ քաղաքական կուսակցութիւն ալ պիտի դառնայ մասնակցելու համար 2026-ի ընտրութիւններուն, ինչպէս որ կը նշուի հիմնադրութեան յայտարարութեան մէջ՝ «Հայաստանում առաջիկայում ընտրական գործընթացներ են սպասւում, եւ դրանց մասնակցելու օրէնքով նախատեսուած ամենայարմար ձեւը կուսակցական մասնակցութիւնն է»։
«Մեր ձեւով» արտայայտութիւնը կը պատկանի գործարար եւ Մայր Աթոռի բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որուն եղբօրորդին է Շարժումը համակարգող Նարեկ Կարապետեանը։ Ստեղծուելուն պէս Վեհափառը Էջմիածնի մէջ ընդունած է «Մեր ձեւով»-ի ներկայացուցիչները։
Իսկ Սամուէլ Կարապետեան կալանավայրէն յայտարարած է. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, միանալով “Մեր ձեւով” շարժմանը՝ դուք կը դառնաք մի մեծ թիմի մաս, որն աշխատում է Հայաստանի ապագայի համար։ Վստահ եմ՝ միասին մենք կը կարողանանք նոր փուլ սկսել մեր երկրի կեանքում։ Հայ ժողովուրդն արժանի է արժանապատիւ կեանքի, իսկ մեր պետութիւնը՝ յարգանքի։ Եւ այդ ամէնին մենք հասնելու ենք ամէնօրեայ նուիրուած աշխատանքով»։
Այսպէսով, Ռուսաստանի մէջ հարստացած ու օլիգարխ դարձած Սամուէլ Կարապետեան կը հետեւի Վրաստանի նախկին նախագահ ու «Վրացական երազ» կուսակցութեան հիմնադիր, գործարարութենէ քաղաքական ասպարէզ անցած Իվանիշվիլիի օրինակին, որ վերահաստատեց Վրաստանի ռուսամէտ կողմնորոշումը։
Արտաքին քաղաքականութեան ազդանշաններն ալ կը յուշեն Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ Ռուսաստանի դերակատարութեան նուազումին դիմաց՝ ռուսական զօրաւոր հակազդեցութիւնը հանդէպ յա՛տկապէս Ազերպայճանի, որուն նախագահին մօտիկ օլիգարխներ ու մշակոյթի մարդիկ զանազան պատրուակներով հետապնդումի կ՚ենթարկուին ու անոնց պատկանող ունեցուածքներ թիրախը կը դառնան իշխանութեան։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։