ԱՄՆ—ու քրիստոնեայ պահպանողական լրագրող Թեքըր Քարլսոնի հարցազրոյցը Նարեկ Կարապետեանի հետ,– որ եղբօրորդին է գործարար ու Մայր Աթոռի բարերար Սամուէլ Կարապետեանի եւ ժամանակաւոր գործակատարը «Մեր Ձեւով» շարժումին,– Հայաստանի 2026-ի խորհրդարանական ընտրարշաւը դրաւ նոր հարթակի վրայ. դուռ բացաւ ներհայաստանեան ու ռուսական քաղաքական ուժերու հետաքրքրութիւններէն անդին, ԱՄՆ—ու կառավարութեան, քրիստոնեայ համայնքներու, Իսրայէլի ու իսրայէլական լոպիին՝ հայկական ընտրարշաւին մէջ ներգրաւման։
Նարեկ Կարապետեան յագուրդ տուաւ Թեքըր Քարլսոնի գլխաւոր հարցադրումին, որուն հետաքրքրութիւնը կը կեդրոնանար քրիստոնեաներու պաշտպանութեան վրայ եւ ամերիկացիներու վճարած պետական տուրքին՝ ԱՄՆ—ու իշխանութեան կողմէ արդար գործածութեան։ Պատմութեան նոր մեկնաբանութեամբ ու բազմաթիւ խեղաթիւրումներով, Կարապետեան հասաւ այն եզրակացութեան, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հայերը քրիստոնէութեան հաւատարիմ մնացած ըլլալնուն պատճառով ցեղասպանուեցան, որովհետեւ անոնք մերժեցին իսլամանալ։ Սովետական շրջանին՝ քրիստոնեաներու հալածանքներուն վրայէն թեթեւօրէն անցնելով, հասաւ անկախութեան շրջան, 2020-ի պատերազմին Ազերպայճանի կողմէ իսրայէլական անօդաչուներու գործածութեամբ՝ քրիստոնեայ հայերու սպանութեան։ Սա, հարցազրոյցի կարեւոր ու ցնցիչ անցքերէն էր ամերիկացի լրագրողին համար, որ վրդովեցաւ լսելով թէ ԱՄՆ—ու նպաստով արտադրուած իսրայէլական անօդաչուներ գործածուած են քրիստոնեայ հայեր սպանելու համար։
Նարեկ Կարապետեան սակայն չբաւարարուեցաւ արցախցիներու վիճակած ողբերգութիւնը ներկայացնելով ու աւելի անդին երթալով՝ նոյնքան խստօրէն ամբաստանեց Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք ըստ իրեն՝ նոյնպէս կը հալածեն իրենց հայրենակից քրիստոնեաները, արքեպիսկոպոսներ կը բանտարկեն, կաթողիկոսը կ՚ուզեն իրենց ենթարկել իշխելու համար եկեղեցւոյ վրայ, կաշկանդելով եկեղեցւոյ ազատութիւնը… Սամուէլ Կարապետեան իր ամբողջ հարստութիւնը դիզած է Ռուսաստանի մէջ, պաշտպանեալն է Ռուսաստանի. հակառակ այս հանգամանքին, Նարեկ Կարապետեան յաջողեցաւ սիրաշահիլ Թեքըր Քարլսոնը, որ ունի բազմամիլիոն հետեւորդներ եւ համակիրներ, որոնց հետաքրքրութիւնը արթնցուց ընդդէմ Հայաստանի պետական դիրքորոշման եւ թերեւս ալ ի վնաս «Թրամփի ճանապարհ»-ի իրականացման, ինչ որ կը համապատասխանէ ռուսական շահերուն։
Ընդդիմութեան միւս երկու գլխաւոր պարագլուխները, նախկին նախագահներ՝ Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան եւս հարցազրոյցներ տուին Արցախի կորստեան գլխաւոր մեղաւոր ցոյց տալով վարչապետ Փաշինեանը։
2026-ի խորհրդարանական ընտրարշաւը առանց յայտարարուած ըլլալու, արդէն սուր մրցավազքի մղած է քաղաքական ուժերը։ Ընդդիմութիւնը արդեօք պիտի կարենա՞յ համակարգել ու միացնել իր ուժերը վերագրաւելու համար իշխանութիւնը գալիք ընտրութիւններուն։
Մինչ այդ Ռուսաստան ալ ձեռնածալ չմնաց։ Նախագահ Փութին՝ Վեհափառին եղբայրը՝ Եզրաս արք. Ներսիսեանը պարգեւատրեց «Ալեքսանտր Նեվսքի» շքանշանով, առ ի գնահատանք Ռուսաստանի համար անոր կատարած նուիրեալ ծառայութեան։
Ժ.Չ. ■