Երկա՜ր սպասումէ ետք վերջապէս Ալֆորվիլի Մարիամ Արապեան մանկապարտէզը Սեպտեմբեր 1-ին բացաւ իր դռները Ալֆորվիլի մանուկներուն առջեւ, որոնք տարիներէ ի վեր կը սպասէին մաքուր, լուսաւոր, ընդարձակ, նոր դասարաններու եւ ճաշարանի, որ ապահովեն իրենց առողջապահական բոլոր կարիքները, յարգելով նաեւ այդ կալուածէն ներս պետական չափանիշերը։ Նախկինը, Ս. Մեսրոպ կրթարանի հին շէնքը արդէն պետութեան կողմէ փակուելու ազդարարութիւն ստացած էր։
Նորին կառուցումը կը պարտինք նախ եւ առաջ Գէորգ Արապեանին, որ նախկին մանկապարտէզին խղճալի վիճակը տեսնելով՝ Նորվան Սրբազանին յայտնած է, թէ մանուկներուն աւելի յարմարաւէտ ու առողջ կրթական միջավայր ապահովելու համար պէտք է կառուցել նոր մը, որուն շինարարական ծախսերը ինք պատրաստ է ամբողջովին ստանձնելու։ Դժբախտաբար, չկրցաւ իր անձնուիրութեան արգասիքին ականատեսն ըլլալ, ոչ ալ կրցաւ ամբողջովին դպրոցին շինարարութեան ծախսերը փակել. ո՛չ թէ իր մեղքով, այլ՝ Լիբանանի դրամատուներու սնանկացումով ծագած տագնապին բերումով, որ կուլ տուաւ բարերարին դրամագլուխն ու խնայողութիւնն ալ։ Եւ այդ ձեռնառատ ու հոգատար մարդը հոգին աւանդեց թշուառութեան մէջ, կարիքաւորի կարգավիճակով։ Սակայն, շնորհիւ իրեն՝ Ալֆորվիլի մանուկները ունեցան իրենց նոր դպրոցը։
Այս ալ սփիւռքահայ դպրոցի ճակատագրին եզակի մէկ պատկերն է։ Կարգ մը դպրոցներ բախտաւոր կ՚ըլլան, ուրիշներ՝ անբախտ։ Եթէ Մարիամ Արապեան դպրոցը այսօր գոյութիւն ունի, այդ կը պարտինք նաեւ APCAF-ին եւ անոր նախագահ Նորվան Սրբազանին ու անոր վարչական զինակիցներուն, որոնք ընդառաջեցին Գէորգ Արապեանի նախաձեռնութեան եւ անոր սնանկութենէն ետք հաւատացին մանկապարտէզին կառուցման անհրաժեշտութեան ու շարունակեցին դրամ հաւաքել կառուցումը իր աւարտին հասցնելու համար։
Սակայն, Մարիամ Արապեան դպրոցի բացումին երեւոյթը միայն նորակառոյց շէնքի հարց չէ. մանուկներուն կրթական պահանջները միայն նորակառոյց շէնքով չեն բաւարարուիր։ Դպրոց մը գոյութիւն կ՚ունենայ շնորհիւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն մտաւոր, ընկերային ու հոգեւոր զարգացումին համար կ՚ընտրեն յարմարագոյն միջավայրը։ Շէնքը շինողները, հոգաբարձու մարմինը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողական մարմինը բոլորը իրարու հետ գործակցելով է որ կը ստեղծեն դպրոցը։
Սեպտեմբեր 5-ին, Մարիամ Արապեան մանկապարտէզի պաշտօնական բացումն էր, Ալֆորվիլի քաղաքապետին ներկայութեամբ։ Կատարուեցաւ նաեւ դպրոցի օրհնութեան արարողութիւնը ձեռամբ Նորվան սրբազանի, որ ի պաշտօնէ նաեւ շինարար մարմինի՝ APCAF-ի նախագահն է։ Բայց ուրախալի այս առիթը հազիւ թէ ծածկէր տագնապալի իրավիճակը։ Կային յատկանշական բացակայութիւններ։ Բացակայ էին նորակառոյց մանկապարտէզին դիմացի մայթին վրայ գտնուող Գէորգ Արապեան — Ս. Մեսրոպ նախակրթակարանի եւ միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնը, հոգաբարձու մարմինը, ուսուցիչները, Ս. Պօղոս — Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ծխական մարմինը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Առաքելական թեմի վարչութիւնը, Առաջնորդը։ Դպրոցը կառուցուած է եկեղեցական կալուածի վրայ։ Դպրոցականները վաղուան հայ համայնքն են։ Աշակերտները թաղին երեխաներն են, որոնց մէկ մասը բնականաբար Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ է։ Մանկապարտէզի շէնքը կցուած է եկեղեցւոյ։
Թերեւս առաջին անգամն է որ ծխական համայնքի մը պատկանող դպրոց մը բաժնուի երկուքի, ստեղծուի նոր հոգաբարձու մարմին նոր մանկապարտէզին համար, որ կարենայ համոզել ուսուցիչները տեղափոխուելու նոր կառոյց եւ մանաւանդ ծնողներու մեծամասնութիւնն ալ համոզել, որ հեռանայ նախկինէն եւ զաւակը արձանագրէ նորին։ Յետոյ, նախկինը դատ բանայ նորին դէմ եւ կորսնցնէ դատը, սակայն շարունակէ դատը այս անգամ դիմելով վճռաբեկ ատեան, այդ ընթացքին երկու կողմերը գումարած՝ 40.000-50.000 եւրօ յատկացնեն փաստաբանական գրասենեակին։ Պէտք է հասկնալ այս տագնապին խորին պատճառները, հաշիւ պահանջել։
Եւ վերջապէս, այս բոլորէն ետք, կը մտաբերենք թէ Պարոն Արապեանի՝ նոր մանկապարտէզ կառուցելու հիմնական նպատակն էր երեխաներուն ծառայել։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։