Ապրիլ 29-ին, Հայաստանի Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ ներկայացուցած է ֆրանսախօսութեան օրերու ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներու եզրափակիչ կալա-համերգը՝ նուիրուած ֆրանսացի երաժիշտ Կապրիէլ Ֆօրէի 180-ամեակին։ Հնչած է վերջինիս հանրածանօթ «Ռեքուիեմ»ը։
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեան եւ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։
Փոխնախարարը, ողջունելով հանդիսատեսը, նշած է, թէ ֆրանսախօսութեան միջազգային օրերը Հայաստանի մէջ դարձած են բարի աւանդութիւն եւ սպասուած իրադարձութիւն, որ կը հարստացնէ մեր երկրի կրթամշակութային կեանքը նոր գոյներով ու գաղափարներով։
Դեսպան Տըքոթինյի շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց որոնք կը նպաստեն Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան զարգացման։
Համերգը կազմակերպուած է Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ «Institut français d’Arménie»-ի համագործակցութեամբ:
Ելոյթով հանդէս եկած են Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը, ինչպէս նաեւ երգչախումբը (խմբավար՝ Ռոբերտ Մլքէեան), Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը (խմբավար՝ Քրիսթինա Ոսկանեան), մեներգիչներ՝ Էմանիւէլլ Շիմենթօ (սոփրանօ, Ֆրանսա), Աշոտ Ղանթարջեան (պարիթոն, Հայաստան)։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։