Վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեան
Վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեան «կեղծ լուր» անուանած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ երկրին մէջ մզկիթներ կառուցելու ծրագրերու մասին թրքական լրասփիւռներու տարածած տեղեկութիւնը։
“OdaTV կայքը կրկին շրջանառութեան մէջ դրած է կեղծ տեղեկատւութիւն, իսկ շարք մը հայաստանեան լրասփիւռներ՝ առանց նուազագոյն ստուգման կամ աղբիւրներու ճշդման, շտապած են արտատպել այս ֆէյքը՝ ակամայ դառնալով ապատեղեկատւութեան շղթայի մասնակից”,– յայտարարած է Բաղդասարեան։
Վարչապետին բանբերը սա որակած է որպէս «հին սցենար», ըստ որուն՝ արտաքին աղբիւրներ կը ստեղծեն սուտ եւ գրգռիչ տեղեկատւութիւն եւ «որոշ ներքին դերակատարներ անմիջապէս կը տարածեն զայն»։
Բաղդասարեան յայտարարած է, որ ընտրարշաւի մօտենալուն զուգընթաց՝ «ա՛լ աւելի պիտի թէժանան Հայաստանի պետականութեան, պետական հիմնարկներու եւ հանրային պաշտօնեաներու դէմ ուղղուած ապատեղեկատուական յարձակումները»։
Նախապէս, թրքական OdaTV կայքը, յղում ընելով «աղբիւրներ»-ու, հաղորդած էր, որ Փաշինեան իբրեւ թէ նախաձեռնած է երկրին մէջ 10 մզկիթի կառուցման։ Կը նշուէր, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի աջակցութիւնը վայելող նախաձեռնութեան համաձայն՝ հայ—թրքական սահմանին յարակից տարածքներուն վրայ պիտի կառուցուի հինգ մզկիթ, իսկ մնացած հինգը՝ Հայաստանի մեծ քաղաքներուն մէջ։
Մեր տեսած թրքական թերթերէն «Ensonhaber.com» այս մասին լուրը խորագրած էր. «Էրտողան ուզեց, Փաշինեան կը կառուցէ»…, լուրին կցելով նաեւ այս տարուան Յունիս 20-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Էրտողան—Փաշինեան հանդիպումէն նկար մը։
***
Վերոնշեալն ու նման միւս «լուրեր»-ը լաւագոյնս ցոյց կու տան, թէ թշնամիներուն ձեռքը որքա՛ն կարեւոր թոյն է ապատեղեկատւութիւնը, հանդիպակաց ճակատին մէջ վրդովում, խուճապ, իրարանցում, պատճառելու համար։ Հարցը հոն է որ,– ինչպէս վարչապետին բանբերն ալ կը նշէ արդարօրէն,– ներսը չեն պակսիր ջաղացքին ջուր կրողները, որոնք կամայ թէ ակամայ կը դառնան այդ թոյնը ներածողները։