Այս նիւթին շուրջ արդէն վէճ ծագած էր 44-օրեայ պատերազմին 5-րդ տարելիցին առիթով, որուն արձագանգած էինք Սեպտեմբեր 30-ի մեր թիւով (2202)։
Գրած էինք թէ կառավարութիւնը կը ծրագրէ նման կարգադրութիւն եւ ընդդիմութիւնը դէմ է։ Դէմ է նաեւ Արցախի նախկին Պետական նախարար, իրաւապաշտպան Արտակ Բեգլարեան, որ կը թելադրէր որպէս թուական ընտրել Սեպտեմբեր 27-ը՝ երբ սկսաւ 44-օրեայ աղէտը, կամ Սեպտեմբեր 19-ը՝ Արցախի անկման սկիզբը։
Ի հեճուկս բոլոր տարակարծութիւններուն՝ Կառավարութիւնը Հոկտեմբեր 23-ի իր նիստին հաւանութիւն տուած է Յունուար 27-ը «Յիշատակի եւ խոնարհումի օր» սահմանելու նախաձեռնութեան։
Նախագիծին հեղինակներն են Ազգային ժողովի երեսփոխաններ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Գեղամ Նազարեան։
Նախագիծը յառաջիկային պիտի քննարկուի Ազգային ժողովին մէջ։
Ռուբէն Ռուբինեան նախապէս ըսած էր, որ յատուկ օր մը պէտք է ունենալ ոչ միայն 44-օրեայ պատերազմի, այլ նաեւ՝ բոլոր ռազմական գործողութիւններու զոհերը յիշատակելու համար։