Նորա Պարութճեանի բանախօսութիւնը – Փօլատեան՝ 20-րդ դարասկիզբի ֆրանսահայ գրականութեան մէջ յարուցուած հարցեր, այժմէականութիւն եւ կարգ մը համեմատութիւններ

Կարապետ Փօլատեանի նուիրուած ձեռնարկ՝ Երեւանի «Յառաջ» արեւմտահայերէնի աշխատանոց-կեդրոնին մէջ

Շաբաթ, Մարտ 15-ին, Երե­ւանի «Յա­ռաջ» արեւմտա­հայե­րէնի աշ­խա­տանոց-կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Գրա­կան Դէմ­քեր Բ.» ձեռ­նարկը, որ նու­րիուած էր սփիւռքա­հայ գրող ու վի­պասան Կա­րօ Փօ­լատեանին, որուն մա­սին,– տե­սակա­պով,– հա­մապար­փակ կեր­պով խօ­սեցաւ գրող, բա­նաս­տեղծ եւ ման­կա­վարժ տի­կին Նո­րա Պա­րութճեան, յատ­կա­պէս շեշ­տը դնե­լով Փօ­լատեանի «Արե­ւելքի տղա­քը» եւ «Կը հրա­ժարիմ հա­յու­թե­նէ» վէ­պերուն ու անոնց վեր­լուծու­մին վրայ։ 

Գրա­կան խմբա­կին անու­նով մեր շնոր­հա­կալու­թիւնը կը յայտնենք Նո­րա Պա­րութճեանին՝ իր օգ­տա­շատ ու հե­տաքրքա­կան ներ­կա­յաց­ման հա­մար, երախ­տա­պարտ ենք, որ քա­ջալե­րեց մեզ եւ ըն­դա­ռաջեց այս ձեռ­նարկին մաս­նա­կից դառ­նա­լու մեր առա­ջար­կին։ 

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք անոր խօս­քին ամ­բողջու­թիւնը։ 

Վա­հան Կ. Ման­ճի­կեան

20-րդ դա­րու ֆրան­սա­հայ գրող­նե­րու յե­տեղեռ­նեան առա­ջին սե­րուն­դին պատ­կա­նող Կա­րապետ Փօ­լատեան շատ կա­րեւոր տեղ կը գրա­ւէ հար­կաւ մեր գրա­կանու­թեան մէջ եւ հե­տեւա­բար՝ նաեւ մեր կեան­քին։ Ար­դա­րեւ, Եղեռ­նի ար­հա­ւիր­քը ապ­րած, ան­կէ մա­զապուրծ Ֆրան­սա հա­սած ու հոն հաս­տա­տուած այդ սե­րունդը սկսաւ մեծ պայ­քար մը տա­նիլ կեան­քի, ապ­րե­լու հա­մար, ինքնու­թեան փնտռտուք սկսաւ, կաս­կածներ յա­րու­ցա­նեց եւ ինքզինք հար­ցադրեց, եւ այս բո­լորին խօ­սափո­ղը դար­ձաւ իր ժա­մանա­կի հայ մտա­ւորա­կանու­թիւնը, ի մաս­նա­ւորի հայ գրող­նե­րը, որոնց կար­գին՝ Կա­րապետ Փօ­լատեան։ 

Հե­տեւա­բար կրնանք ըսել, որ Փօ­լատեանի ժա­մանա­կակից­նե­րը եւ ինք՝ Փօ­լատեան կը պատ­կա­նին վե­րապ­րողնե­րու կո­տորա­կուած ներ­կա­յի փշուրնե­րը հա­ւաքող եւ զայն գրա­կանաց­նող սե­րունդին։ Ոգե­կան տա­ղանդ մը, նախ­քան գրա­կան տա­ղան­դը շեշ­տե­լը։ Ես նկա­տի պի­տի ու­նե­նամ Փօ­լատեանի մաս­նա­ւորա­պէս եր­կու վէ­պերը՝ «Արե­ւել­քի տղա­քը», լոյս տե­սած Փա­րիզ, 1946-ին եւ «Կը հրա­ժարիմ հա­յու­թե­նէ», դար­ձեալ Փա­րիզ լոյս տե­սած, 1949-ին։ Այս գոր­ծե­րուն մէջ Կա­րապետ Փօ­լատեան գա­ղափա­րախօս մըն է, հար­ցեր կը դնէ եւ վէ­պերու ըն­թացքին ու աւար­տին այդ հար­ցե­րուն պա­տաս­խա­նը կ’առա­ջար­կէ։ 

Այս վէ­պերը հե­զասահ կեր­պով կը կար­դա­ցուին, ֆիլ­մե­րու պէս: Պը­լտեան պա­րոք օփե­րանե­րու կը նմանցնէ «Արե­ւել­քի Տղա­քը»-ի «ար­կա­ծային պա­րագա­ները»։ Կայ թնճուկ մը, կայ մեր­ժումը, մեր­ժումի ան­կա­րելիու­թիւնը եւ ան­կա­րելիու­թեան տագ­նապն ու տա­ռապան­քը։ Եւ ի վեր­ջոյ, այդ թնճու­կին իբ­րեւ լու­ծում, մեր­ժո­ղին «ստի­պողա­կան» վե­րադար­ձը իր ինքնու­թեան ծո­ցը։

Գա­ղափա­րախօ­սու­թեան մեծ տեղ կը յատ­կա­ցուի, գլխա­ւորա­բար երկ­խօ­սու­թիւննե­րու ձե­ւին տակ, ուր յա­ճախ մե­զի՝ այ­սօ­րուան­նե­րուս, շատ հա­րազատ իրա­վիճակ­ներ կը յայտնա­բերուին, նաեւ գա­ղափար­ներ։ Օրի­նակ մը տա­լու հա­մար, «Կը հրա­ժարիմ հա­յու­թե­նէ» վէ­պին մէջ երի­տասարդնե­րը կը հա­ւաքուին, ժո­ղով կը գու­մա­րեն «բան մը ընե­լու», լու­ծում մը գտնե­լու իրենց ան­կեալ վի­ճակէն դուրս գա­լու հա­մար։ Միտ­քե­րու փո­խանա­կում տե­ղի կ’ու­նե­նայ, կը վի­ճաբա­նին սո­վորա­կան ձե­ւով եւ վերջ ի վեր­ջոյ, այդ հա­ւաքոյ­թը, այդ ժո­ղովը կը վե­րածուի կռի­ւի։ Կ’ըսուի հե­տեւեալը. «Մենք նոյն լե­զուն չենք խօ­սիր, օտա­րացած ենք, մէ­կը միւ­սը չի հասկնար, նոյն աս­տուած­նե­րու չենք երկրպա­գեր այ­լեւս։ … Չեր­չի­ներ, ամօթ, ամօթ, զզուելի ժո­ղովուրդ, պոռ­նիկ ժո­ղովուրդ դար­ձած ենք»։ 

Կ’ու­զեմ սե­ւեռումս կեդ­րո­նաց­նել կարգ մը կէ­տերու վրայ, որոնք վէ­պերուն հիմ­նա­հար­ցը կը կազ­մեն ըստ իս։

Ա. Առա­ջինը, կէ­տերուն գլխա­ւորը, արե­ւելքցի հա­յուն արեւ­մուտք յայտնուելու տուայ­տանքն է։ Մշա­կոյթնե­րու բա­խու­մը կը կազ­մա­լու­ծէ միտ­քե­րը, արե­ւել­քը կը յայտնուի իբ­րեւ երա­զային, կեր­պա­րանա­փոխուած, առաս­պե­լական դար­ձած ու գե­ղեց­կա­ցած նկա­րագիր։ 

«Արե­ւել­քի տղա­քը» վէ­պին մէջ կ’ըսուի՝ «արե­ւելք, արե­ւելք, բիրտ ու խիստ թե­րեւս, բայց մա­քուր։ Ես անոր զա­ւակն եմ»։ Իտէալա­կանա­ցած արե­ւելք մը կը նկա­րագ­րուի այս վէ­պերուն մէջ, հար­կաւ, որով­հե­տեւ հայ­րե­նիքը արե­ւելքն է, եւ արե­ւել­քը արե­ւի ծնունդն է իրենց հա­մար, մինչդեռ «արեւ­մուտքը կ’այ­րէր իր ահա­ւոր մեղ­քե­րուն կրա­կով, կը տես­նուին ծու­խե­րը արեւ­մուտքին եւ փո­շին մա­նաւանդ։ … Արե­ւել­քի մէջ մենք գի­տէինք ին­չո՞ւ կը մեռ­նէինք, բայց արեւ­մուտքի մէջ, որո՞ւ հա­մար, ին­չո՞ւ՝ չենք գի­տեր»։ 

Ու­րեմն՝ այս բա­խու­մը արե­ւել­քի եւ արեւ­մուտքի մի­ջեւ, իրենց հո­գեվի­ճակին բա­խումն է եւ ան­շուշտ եր­կու տար­բեր մշա­կոյթնե­րու բա­խու­մին հե­տեւանքն է սա։ 

Բ. Երկրորդ կէտ. ո՞վ է հա­յը եւ ո՞ւր է հա­յը այս նոր երկրին մէջ, այս նոր աշ­խարհին մէջ։ Վտա­րուած է հա­յը, դուրս դրուած է իր հայ­րե­նիքէն, եւ տուեալ թուական­նե­րուն, այս նոր երկրին մէջ վտա­րան­դի վի­ճակի մէջ է։ Յա­ռաջա­ցած եր­կիր մը, զար­գա­ցած եր­կիր մը, ուր ինք յայտնուած է, այստեղ ինչպէ՞ս պի­տի վա­րուի ինք իր ան­ցեալին հետ։ Ինչպէ՞ս պի­տի վա­րուի իր վէր­քին հետ, որ խա­րանուած է ճա­կատին եւ տա­կաւին չէ սպիացած։ Ի՞նչ ընէ այդ վէր­քը. տես­նէ՞, թէ՞ ան­տե­սէ։ Այդ վէր­քին մէջ ընկղմա՞ծ մնայ, թէ՞ դուրս փախ­չի ատ­կէ, փրթի, փոր­ձէ դուրս գալ այդ բո­լորէն։ Ան վրէժխնդի՞ր ըլ­լալ որո­շէ, թէ՞ թա­ղէ ան­ցեալը, ձգէ ան­լուծե­լի։ 

Այս վէ­պերուն մէջ կար­ծես ընտրու­թիւն մը կը պար­տադրուի եւ հե­րոս­նե­րը կը տա­տամ­սին իրենց ընտրու­թեան մէջ։ Այս տա­տամ­սումին ար­տա­յայ­տութիւնն են Փօ­լատեանի վէ­պերը։ Ար­դեօք յի­շողու­թեան գե­րի՞ն ըլ­լայ եւ վրէժխնդրու­թեա՞մբ ապ­րի, թէ՞ մոռ­նայ եւ ապ­րի ու­րիշնե­րուն պէս, սո­վորա­կան։ Այս հար­ցումնե­րը կան, բայց եւ այնպէս «Կը հրա­ժարիմ հա­յու­թե­նէ»-ին Բաբ­գէ­նը՝ գլխա­ւոր հե­րոսը, սնտուկ մը կը պտտցնէ իր հետ, ամէն տեղ, ուր որ եր­թայ, ի՜նչ ալ ընէ, ի՜նչ անուն ալ կրէ, քա­նի ինքնի­րեն տուած է ու­րիշ անուն, որ­դեգրած է ու­րիշ ինքնու­թիւն։ Որ­քան ալ հրա­ժարած ըլլայ իրե­նին­նե­րէն, իր սնտու­կը միշտ իր հետ է եւ այդ սնտու­կը իր ան­ցեալն է։ 

Գ. Եր­րորդ կէ­տը կա­նացի կեր­պարնե­րուն կը վե­րաբե­րի։ Վի­պային դի­ման­կա­րի գի­ծերուն ամէնէն կա­րեւոր եւ ընգծուած բա­ժին­նե­րէն մէկն է այս կէ­տը։ Փօ­լատեան զայն տուած է պար­կեշտու­թեամբ եւ պէտք է ըսել՝ ան­կեղծու­թեամբ, դառ­նա­լով ար­տա­յայ­տի­չը կա­նանց հան­դէպ իրեն ժա­մանա­կակից հայ տղա­մար­դու կե­ցուած­քին, ձե­ւով մը իր վէ­պերուն մէջ նկա­րիչը դար­ձած է այդ կե­ցուած­քին։ Կի­ները իր մօտ կա՛մ մայր են, քոյր, եւ կա՛մ՝ պոռ­նիկ։ Եր­կուքին մի­ջեւ չկայ։ Մայ­րը՝ ինքնու­թեան կա­պող թելն է, իսկ պոռ­նի­կը կը յայտնուի հրա­ժարու­մի պա­րագա­յին միայն։ Ան­ցեալը մոռ­նալ ընտրած մար­դոց կամ այդ վի­ճակին մաս կը կազ­մէ սե­ռային ազա­տու­թիւնը։ «Արե­ւել­քի տղա­քը» վէ­պին հիմ­նա­կան ու գլխա­ւոր կեր­պա­րը՝ Երուան­դը, չի կրնար ձեր­բա­զատիլ սե­ռային բար­դոյթէն, մինչ Սու­րէ­նը, որուն հա­մար «լա­լու դա­րը ար­դէն ան­ցաւ», իր վրա­յէն կ’ու­զէ թօ­թափել ան­ցեալի ծան­րութիւ­նը եւ սե­ռային կեան­քին մէջ ազա­տու­թիւն կը վա­յելէ։ Բայց ան­շուշտ օտար պոռ­նիկնե­րու հետ. քա­նի որ Փօ­լատեանի քով հայ աղ­ջի­կը, այդ սուրբ եւ մա­քուր հա­յու­հին սե­ռային էակ չէ։ Կ’աղա­չեմ։ 

Սե­ռային խնդիր կայ. սե­ռը աղ­տոտ է, ան­կո­ղինը աղ­տոտ է, անաս­նա­կան է սե­ռը։ Այսպէս է, որ պոռ­նիկ Մա­րին («Արե­ւել­քի տղա­քը») անձնաս­պան կ’ըլ­լայ, երբ կը յայտնա­բերէ, որ իս­կութեան մէջ ինք հա­յու­հի մըն է՝ Աստղիկ անու­նով։ Անձնաս­պան կ’ըլ­լայ, ապ­րեցնե­լու հա­մար Աստղի­կը, որ­պէսզի ապ­րի մա­քուր հա­յու­հին, պէտք է մեռ­նի օտա­րու­հի պոռ­նի­կը։ 

Բայց այս բո­լորին քով կայ նաեւ Սի­րար­փիի կեր­պա­րը։ Ան հայ մօր եւ քրոջ խառ­նուրդ կեր­պարն է. մայր, քոյր, նուիրում՝ Սի­րար­փի։ Սի­րար­փի սի­րահա­րած է Բաբ­գէ­նին, բաց է մարմնա­յին սի­րոյ ապ­րումին առ­ջեւ։ Սե­ռի հետ հաշտ հայ կնոջ կեր­պարն է Սի­րար­փին։ Ինքն է, որ կը հրա­պու­րէ Բաբ­գէ­նը, ինքն է, որ քայ­լեր կ’առ­նէ դէ­պի Բաբ­գէ­նը։ Ան գի­տակից հայ երի­տասար­դուհին է, իր ժա­մանա­կի հա­մար­ձակ եւ իր ան­ձին տէ­րը եղող հայ կինն է, որ գի­տէ Բաբ­գէ­նին նիւ­թա­կան դժուարու­թիւննե­րէն գե­րադա­սել սէ­րը։ Այս բո­լորով, ան Բաբ­գէ­նին հան­դէպ ու­նի քրոջ մը, իսկ Բաբ­գէ­նի հի­ւանդ մօ­րը հան­դէպ՝ դստեր մը հո­գատա­րու­թիւնը։ Եւ այս կի­նը՝ Սի­րար­փին, զոր Բաբ­գէն կը հա­մեմա­տէ մօ­րը հետ ըսե­լով՝ «Նոյն խմո­րէն են անոնք, նոյն արիւ­նէն՝ հա­մակ զգա­ցում, հա­մակ նուիրում, ան­խարդախ, ազ­նիւ էակ մը», այս ազ­նիւ էակը՝ Սի­րար­փին կոպ­տօ­րէն կը մեր­ժուի Բաբ­գէ­նին կող­մէ, երբ հի­ւանդ մայ­րը կը մա­հանայ։ Այ­սինքն ան, որ Բաբ­գէ­նը կը կա­պէ իր ինքնու­թեան, իր հա­յու­թեան, իր ան­ցեալին եւ իր վէր­քե­րուն հետ։ Իր հա­յու­թեան հետ վեր­ջին կա­պին՝ մօ­րը մա­հովը, Բաբ­գէ­ն կա­մովին, նոյ­նիսկ ինքն իր դէմ պայ­քա­րելով կը հե­ռանայ Սի­րար­փիէն՝ իր մօ­րը կրկնօ­րինա­կէն։ Եւ այստեղ, հա­յու­թե­նէ հրա­ժարու­մի պա­հը կը սկսի, ու զո­հերէն մէ­կը կը դառ­նայ այս ու­ժեղ հա­յու­հին, որն է Սի­րար­փին։ Ան իր կա­նացի եւ սե­ռային հա­մար­ձա­կու­թեամբ, ին­ծի կը յի­շեց­նէ Սաս­նայ Ծռե­րու կա­նացի կեր­պարնե­րը։ 

Բաբ­գէն հրա­ժարե­լով հան­դերձ իր ան­ցեալէն, ան­ցեալի յի­շողու­թիւննե­րը կրող սնտու­կը միշտ իրեն հետ կը պա­հէ։ Ինչպէ՞ս կա­րելի է, որ ան­ցեալէն հրա­ժարող մար­դը իր հետ պտտցնէ իր ան­ցեալը։ Ու­րեմն այստեղ քիչ մը հա­կասու­թիւն կը կար­ծենք տես­նել։ Իրա­կանու­թեան մէջ, այս մար­դունը փա­խուստ է ող­բերգու­թե­նէն, եւ խեղ­ճի ու զո­հի իրա­վիճա­կէն։ «Կը հրա­ժարիմ հա­յու­թե­նէ» վէ­պին մէջ կ’ըսէ. «Սկսած էր ամ­րա­նալ մէջս այն հա­մոզու­մը, թէ իմ բո­լոր դժբախ­տութիւննե­րուս պատ­ճա­ռը իմ հա­յու­թիւնս էր»։ 

Բայց ճա­կատա­գիրը թող չի տար, որ իր կա­պը բո­լորո­վին խզէ ան­ցեալին հետ, որով­հե­տեւ Բաբ­գէն չի գի­տեր, բայց իր եւ Սի­րար­փիի սէ­րը ծնունդ տուած է նո՜ր Բաբ­գէ­նի մը. երի­տասարդ, գի­տակից, հաս­տա­տամիտ, գա­ղափա­րական, հա­մոզուած, գոր­ծունեայ երի­տասարդ Բաբ­գէ­նի մը, որ իր զա­ւակն է։ Ան կ’որո­շէ Հա­յաս­տան ներ­գաղթել եւ հաս­տա­տուիլ այնտեղ։ Այսպէսով կը տես­նենք, որ երի­տասարդ Բաբ­գէն, ի տար­բե­րու­թիւն իր հօ­րը, հայ­րե­նիքին հետ կա­պերը կ’ամ­րապնդէ եւ զա­նոնք կը զօ­րաց­նէ։

Դ. Չոր­րորդ կէտ. նոր մի­ջավայ­րին յար­մա­րելու փոյթ մը կը տես­նենք մենք Կ. Փօ­լատեանի եւ իր սերնդա­կից­նե­րուն, իր գա­ղափա­րակից­նե­րուն քով։ 1945-էն 1952 թուական­նե­րուն Փա­րիզի մէջ լոյս տես­նող «Արեւ­մուտք» գրա­կան եւ ազ­գա­յին շա­բաթա­թեր­թին մէջ, որուն աշ­խա­տակից­նե­րէն մէկն է Կ. Փօ­լատեան, կը գտնենք ինչպէս հայ­կա­կան, այնպէս ալ մի­ջազ­գա­յին մտա­ւորա­կան շար­ժումնե­րու նուիրուած բա­ժին­ներ։ Ազ­գա­յինէն հա­մամարդկա­յին ար­ժէքնե­րու անցնե­լու, ազ­գա­յինը հա­մամարդկայ­նացնե­լու ձգտում մը կայ այս սե­րունդին քով։ «Կը հրա­ժարիմ հա­յու­թե­նէ» վէ­պին մէջ ճա­կատագ­րա­կան հան­դի­պում մը կը նկա­րագ­րուի Բաբ­գէ­նի եւ ֆրան­սա­ցի բա­նաս­տեղծի մը մի­ջեւ։ Այս բա­նաս­տեղծը, Հա­մաշ­խարհա­յին Բ. պա­տերազ­մի ըն­թացքին Գեր­մա­նիոյ դէմ Ֆրան­սա­յի ըն­դի­մադիր շար­ժումին մէջ շատ աշ­խուժ գոր­ծունէու­թիւն մը կը ծաւալէր։ Ան Բաբ­գէ­նին կը կար­դայ իր գրած մէկ նոր բա­նաս­տեղծու­թիւնը, որուն վեր­նա­գիրն է «Ազա­տու­թիւն» եւ վէ­պին մէջ կը տրուի այդ բա­նաս­տեղծու­թեան թարգմա­նու­թիւնը քա­նի մը տո­ղով, ուրկէ կը հասկնանք, որ ան Փօլ Էլի­ւարն է եւ բա­նաս­տեղծու­թիւնը հռչա­կաւոր «Լի­պեր­թէ» բա­նաս­տեղծու­թիւնն է, գրուած 1942-ին, Դի­մադ­րութեան օրե­րուն։ Փօ­լատեանի «Զրոյց»-նե­րու շար­քին առա­ջին հա­տորին մէջ կը կար­դանք հար­ցազրոյ­ցը Փօլ Էլի­ւարի հետ, ուր նոյն ձե­ւով կը ներ­կա­յացուի այս բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Այնտեղ Փօ­լատեան ֆրան­սա­ցի բա­նաս­տեղծին կ’ըսէ. «Գի­տէ՞ք, որ այս բա­նաս­տեղծու­թիւնը ամէնէն շատ սի­րող­նե­րը հա­յերը եղած են, որով­հե­տեւ անոնք իս­կա­պէս գնա­հատած են ազա­տու­թիւնը»։ Եւ իբ­րեւ հա­մեմա­տու­թիւն եւ ըսա­ծին ապա­ցոյց, կու տայ ինչպէս նաեւ վէ­պին մէջ, Մի­քայէլ Նալ­բանդեանի «Ազա­տու­թիւն» բա­նաս­տեղծու­թե­նէն քա­նի մը տող։ 

Վէ­պը ազա­տու­թեան պայ­քա­րին նուի­րուած ֆրան­սա­ցի բա­նաս­տեղծին հա­մամարդկա­յին գա­ղափա­րով կ’աւար­տի։ Այս յանձնա­ռու բա­նաս­տեղծի կեր­պա­րէն կու գայ փրկա­րար միտ­քը. մարդկա­յին բա­ժանումնե­րը արե­նակ­ցա­կան չեն, այլ հո­գեկան, գա­ղափա­րական։ 

Վէ­պին մէջ ու­նինք նաեւ հայ բա­նաս­տեղծի մը կեր­պա­րը։ Եւ այս հայ բա­նաս­տեղծին մա­սին վէ­պի հե­րոս­նե­րէն Սու­րէն կ’ըսէ՝ «վա­ւերա­կան եւ խո­րունկ գրող մըն է ան ալ»։ Բայց հայ բա­նաս­տեղծը գոր­ծունեայ չէ, կրա­ւորա­կան է, «միայն բա­ռերով տա­րուած է» կ’ըսուի, մինչդեռ ֆրան­սա­ցի բա­նաս­տեղծը զէն­քը ձե­ռին կ’եր­թայ պայ­քա­րելու իր երկրի ազա­տագ­րութեան հա­մար։

Ե. Հին­գե­րորդ կէտ. հայ­կա­կան մի­ջավայ­րէ զզուանք, զո­հի հո­գեբա­նու­թե­նէն դուրս գա­լու տքնա­ջան եւ տա­ռապա­լից պայ­քար մըն է, զոր կը տա­նին վէ­պերու հե­րոս­նե­րը. «Հի­ւանդ ենք, հի­ւան­դոտ է հա­յու­թիւնը, առողջ մտա­ծու­մով մար­դիկ չենք» կ’ըսուի «Արե­ւել­քի տղա­քը»-ին մէջ։ «Հի­ւանդ ենք բո­լորս»։ Այս պայ­քա­րին մէջ, զո­հի իրա­վիճա­կէն դուրս գա­լու եւ հայ­կա­կան մի­ջավայ­րէ զզուան­քի այս միտ­քե­րու հա­մածի­րին մէջ, ժա­մանա­կակից մեր ջան­քե­րուն եւ մտա­հոգու­թիւննե­րուն ար­ձա­գան­գը կը գտնենք Փօ­լատեանի վէ­պերուն մէջ։ Այս հի­ւան­դա­գին հո­գեվի­ճակը, որուն մէջ մենք խրե­ցանք ան­գամ մը եւս, Ար­ցա­խեան քա­ռասունչոր­սօ­րեայ պա­տերազ­մէն ետք, եւ ան­գամ մը եւս ազ­գո­վի՜ն մենք վի­րաւո­րուած ենք։ 

Վէ­պերուն մէջ, հա­յու­թե­նէն զզուան­քի, յու­սա­խաբու­թեան ու յու­սա­հատու­թեան տրա­մադ­րութիւննե­րու այս խօ­սոյ­թը այ­սօ­րուան մեր տրա­մադ­րութիւննե­րուն բո­լորո­վին կը հա­մապա­տաս­խա­նէ, դժբախ­տա­բար։ Վի­րաւո­րան­քի եւ պար­տութեան դաշ­տէն դուրս մեր խոր­տա­կուած հո­գինե­րը դժուարու­թիւն ու­նին այ­սօր ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու։ Դար­ձեալ հի­ւան­դա­գին հո­գեվի­ճակը կը տա­ռապեց­նէ հա­յը։ 

Հի­մա, այս հո­գեվի­ճակէն փախ­չիլ ան­գամ մը եւս կրնայ նշա­նակել հե­ռանալ, օտա­րին հա­կիլ, օտա­րանալ, այ­լա­նալ կամ այ­լա­նալ ու­զել։ ԲԱՅՑ «սնտու­կը» կայ։ Այն սնտու­կը, որ դա­գաղի պէս իր ետե­ւէն կը քաշքշէր Բաբ­գէն, այն սնտու­կը, ուր կը պա­հուէին իր ան­ցեալը, յի­շատակ­նե­րը, որ կը բա­ցուէր առանձնու­թեան մէջ եւ որուն առ­ջեւ կը տա­ռապէր առան­ձին, առան­ձինն կը դի­մակա­յէր ատոր բո­վան­դա­կու­թիւնը, չէր ար­տօ­ներ որ ու­րի­շը մօ­տենայ անոր, այդ նոյն սնտու­կը այ­սօր ալ կայ, մենք ալ ու­նինք, մենք ալ կը շալ­կենք մե­զի հետ։ Ի՜նչ ալ ընենք, ո՜վ ալ ըլ­լանք, ո՜ւր ալ եր­թանք, ի՜նչ վի­ճակի մէջ ալ գտնուինք, սնտու­կը մե­զի հետ է։ Այդ սնտու­կին մէջ պահ դրուած են սրբու­թիւններ։ Բայց մէկ տար­բե­րու­թեամբ. այ­սօ­րուան սնտու­կը գաղտնի չէ, Բաբ­գէ­նին սնտու­կին պէս մոռ­ցուելիք եւ պա­հուե­լիք ան­ցեալ մը չէ։ Այ­սօր բա՜ց է մեր սնտու­կը եւ ըն­դունակ է նո­րանոր ար­ժէքնե­րով լե­ցուե­լու եւ ցու­ցադրուելու, բո­լորին, եւ ջա՜նք կայ այդ ցու­ցադրու­թիւնը կա­տարե­լու, քա­նի որ սնտու­կի երի­տասարդ տէ­րերը ձեր­բա­զատուած են զո­հի հո­գեբա­նու­թե­նէն։ 

Փօ­լատեան ինքնու­թեան հար­ցի լուծման մէջ լա­ւատես է։ Հա­յու­թե­նէ հե­ռացած իր հե­րոս­նե­րը եւ տի­պար­նե­րը կը վե­րադառ­նան հա­յու­թեան, բայց միշտ չէ, որ դրա­կան լու­ծում կը ստա­նայ այս վե­րադար­ձը։ Բաբ­գէ­ն ձա­խողած է իր կեան­քին մէջ եւ կը խե­լագա­րի ու յի­մարա­նոց կը տա­րուի։ Մա­րին, որ իս­կութեան մէջ Աստղիկ հա­յու­հին էր, անձնաս­պան կ’ըլ­լայ որ­պէսզի հա­յու­հին ապ­րեցնէ իր մէջ։ 

Փօ­լատեան իր վի­պային լու­ծումնե­րով այ­լա­ցած­նե­րը կը դարձնէ ազ­գին ծո­ցը։ Իր լու­ծումը վե­րադարձն է, որով­հե­տեւ ան­կա­րելի է այ­լա­նալը … «սնտուկ» կայ։

*  *  *

Վեր­ջացնե­լու հա­մար ես կ’ու­զեմ նշել դառն իրա­կանու­թիւն մը։ Որ­քան ալ ծանր էր այս սե­րունդին պայ­քա­րը՝ թէ՛ հո­գեկան, եւ թէ՛ ֆի­զիքա­կան առու­մով, այ­սուհան­դերձ անոնք կա­րողա­ցան գրա­կանու­թիւն ստեղ­ծել, գրող­ներ ու­նե­նալ, ար­տադրել եւ ըն­թե­ցող­նե­րու գրա­կան շրջա­նակ մը կազ­մել։ Այ­սօր, Ֆրան­սա­յի գա­ղու­թը ատոր բա­ցակա­յու­թե­նէն կը տա­ռապի։ Արեւմտա­հայե­րէնը գրա­կան մա­կար­դա­կով ներ­կա­յաց­նե­լը, նուազա­գոյն ձե­ւակեր­պումով, մար­տահրա­ւէր մըն է։ 

Այսքան…