«Կարգազանցութեան»  մեղադրանքով կարգալոյծ հռչակուած է Արամ քհնյ Ասատրեան

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, թէ Հոկտեմբեր 21-ին, Ամենայն hայոց gաթողիկոսի տնօրինութեամբ, կարգալոյծ հռչակուած է Յովհաննավանքի հոգեւոր հովիւ Արամ քահանայ Ասատրեան։

Տնօրինութեան հիմք ծառայած են Արագածոտնի թեմի առաջնորդի տեղեկագիրը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութիւնը, որուն համաձայն՝ Տէր Արամ քահանայ Ասատրեան.

  • Հրապարակային ելոյթներով ու յայտարարութիւններով վարկաբեկած է Հայ եկեղեցին, Թեմակալ առաջնորդը եւ պաշտօնակից եկեղեցականները,
  • Անտեսելով Թեմակալ առաջնորդի յորդորներն ու հրահանգները՝ յարատեւած է կարգազանց ընթացքի մէջ,
  • Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին պատարագներուն կամայականօրէն զեղչած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Թեմակալ առաջնորդի անուններու յիշատակութեան հատուածը՝ այդ քայլով, ըստ էութեան, զինք դուրս դնելով Եկեղեցիէն,
  • Երիցս յամառած է ներկայանալ Յանձնախումբի նիստերուն՝ շրջանցելով անոր հեղինակութիւնն ու իրաւասութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անարգալից վարքագծով դրժած է հնազանդութեան ուխտը։

«Կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետեւ պիտի դասուի աշխարհականներու կարգին՝ Ստեփան Ասատրեան աւազանի անունով»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 15-ին իրաւապահները գործողութիւններու ձեռնարկած էին Արագածոտնի թեմին մէջ։ Կատարուած երկու տասնեակէ աւելի խուզարկութիւններու ընթացքին առգրաւուած էին փաստաթուղթեր, տեղեկութիւններ կրող ելեկտրոնային սարքեր, մեծ գումարներ, ոսկեայ եւ արծաթեայ զարդեր, վառելանիւթի կտրօններ եւ այլ իրեր։ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեան 2 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած էր, իսկ դիւանապետը՝ 1 ամիս։

Այս գործողութիւնները հիմնուած էին «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» (ԻՔՄ) հասարակական կազմակերպութեան յայտարարութեան վրայ։ ԻՔՄն յայտնած էր, որ Սեպտեմբեր 16-ին Յովհաննավանքի հոգեւոր հովիւ Արամ քահանան Հանրային հեռատեսիլի հաղորդման յայտարարած էր, թէ 2021-ին Հայ եկեղեցւոյ ներսը եղած է հարկադրանք՝ քաղաքական ուժերէն մէկու նախընտրական հանրահաւաքներուն մասնակցելու համար։ Քանի որ նման մասնակցութիւնը օրէնքով արգիլուած արարք է, ԻՔՄն սեպտեմբեր 17-ին յանցագործութեան մասին յայտարարութիւն ներկայացուցած էր Գլխաւոր դատախազութեան՝ խնդրելով քննել այդ հրապարակային յայտարարութիւնը։