Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կարգալոյծ հռչակուած Յովհաննավանքի հոգեւոր հովիւ Արամ քահանայ Ասատրեան անմիջապէս արձագանգած է որոշումին՝ յայտարարելով, որ յառաջիկայ Կիրակի օրը Սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ Յովհաննավանքի մէջ։ Այս քայլին ի պատասխան, անակնկալ զարգացումով մը, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ անձամբ ներկայ պիտի գտնուի այդ պատարագին։
Ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրապարակած յայտարարութեամբ Արամ քահանան կը շեշտէ. «Ցաւօք ո՛չ առաջինն եմ, ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլամ»։ Ան կը հրաւիրէ բոլոր հաւատացեալները Կիրակի, Յովհաննավանք՝ մասնակցելու իր մատուցելիք Սուրբ պատարագին։
Քահանան նաեւ կը քննադատէ Կարգապահական յանձնախումբին գործելակերպը՝ նշելով. «Այսօր առաւօտեան Կարգապահական յանձնախումբին նամակ մը ներկայացուցի, որով պատրաստակամութիւն կը յայտնէի հանդիպելու յանձնախումբին հետ (մինչ այդ շուրջ մէկ ամիս խնդրած եմ ինծի ներկայացնել հանդիպման նպատակը), եւ իմ նամակս ստանալէ ետք կը հրապարակուի ծանօթ “տնօրինում”-ը։ Երանի՜ թէ նոյն արագութեամբ պատասխանէին, թէ ինչո՛ւ Յանձնախումբը առնուազն երկու տարի է չէ արձագանգած կաթողիկոսի կարգապահական խնդրայարոյց ընթացքին»։
Իր խօսքը եզրափակելով, ան կ՚ըսէ. «Սիրելի՛ Օհանաւան եւ Ուշի համայնքներու հաւատացեալ հայորդիներ եւ հազարաւոր քրիստոնեաներ, յանուն ճշմարտութեան յաղթանակի մեր այս նախաձեռնութիւնը մենք արդար ճանապարհով պիտի պսակենք յաջողութեան հաստատագրումով։ […] Ազատարար ճշմարտութիւնը շուտով, շատ շուտով յայտնի պիտի դառնայ»։
Արամ քահանայի հրապարակումէն քիչ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ տեսանիւթ մը հրապարակած է՝ կից գրելով. «Կիրակի օր Յովհաննավանքի մէջ պիտի մասնակցիմ Տէր Արամ քահանայ Ասատրեանի մատուցելիք Սուրբ եւ անմահ պատարագին»։
Վարչապետին այս քայլը անսեթեւեթ աջակցութիւն է կարգալոյծ հռչակուած քահանային եւ կը խոստանայ ա՛լ աւելի թէժ օրեր եկեղեցի—պետութիւն արդէն աւելի քան լարուած յարաբերութիւններուն համար։