Կեանքէն հեռացած է Շառլ Ազնաւուրի քոյրը՝ Այտա Ազնաւուր-Կառվարենց

Ազնաւուր ընտանիքը եւ «Ազնաւուր» հիմնարկը կը գուժեն Շառլ Ազնաւուրի քրոջ՝ Այտա ԱզնաւուրԿառվարենցի մահը։

«Այտան խաղաղութեամբ մեկնեցաւ այս աշխարհէն 102 տարեկանին՝ ետին ձգելով գեղեցիկ կեանք մը՝ սիրով առլցուն, ուժով եւ ընտանիքին հանդէպ նուիրումով։

Ծնած՝ գաղթի ճանապարհին, Սելանիկի մէջ 1923-ին, Այտան իր եղբօր հետ կը կիսէր ո՛չ միայն իրենց հայկական արմատներն ու փարիզեան դաստիարակութիւնը, այլ նաեւ ամբողջ կեանքի ընթացքին անոր կապուած էր ջերմ սիրով։ Անոնց կապը այնքա՜ն ամուր էր, հիմնուած՝ ընդհանուր պատմութեան, երաժշտութեան եւ մարդոց հանդէպ անսահման սիրոյ վրայ։

Անոնք մտերիմ մնացին իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին. Շառլ յաճախ Այտան կ՚անուանէր իր կեանքի կայուն խարիսխներէն մէկը եւ իրենց ընտանիքի յիշողութիւնը։ Այտային կեանքը կամուրջ մըն էր սերունդներու միջեւ. ան վկան էր փոփոխութիւններու ստեղծագործականութեան եւ դիմադրութեան դարու մը։ Այտան իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ՝ հաւատարիմ Ազնաւուրեան ընտանիքի արժէքներուն՝ բարութեամբ, հաւատարմութեամբ, խոնարհութեամբ եւ արուեստի ու մարդկութեան ուժին հանդէպ անսասան հաւատքով»,ըսուած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Այտա Ազնաւուրի աճիւնը պիտի հանգչի ՄոնֆորլԱմորիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ՝ իր եղբօր, ամուսնոյն՝ Ժորժ Կառվարենցի եւ միւս հարազատներուն կողքին։