կը շարունակեմ մնալ մեղսակից այս ցեղասպանութեան

Ըլլալ վկան Կազայի, խօսիլ այդ մասին  … եւ քաջութեանս սահմանները

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

https://substack.com/@vaheberberian

 

Մեծ մօրս՝ Մարիամ Պէրպէրեանի հետ

Երբ սկսայ Substack-ի վրայ հրա­պարա­կումներ կա­տարել, որո­շեցի՝ որ­քան որ կա­րելի է հե­ռու մնալ քա­ղաքա­կանու­թե­նէ։ Երբ սկսիս ար­ձա­գան­գել քա­ղաքա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րու՝ հետզհե­տէ կը մխրճուիս խո­րունկ փո­սի մը մէջ, որ­մէ դուրս ել­լե­լը գրե­թէ ան­կա­րելի է։ Եւ սա­կայն, ահա­ւասիկ, ես կը քա­լեմ ուղղա­կի դէ­պի թա­կարդ, որով­հե­տեւ հի­մա հասկցած եմ, որ կրնաս փոր­ձել հե­ռու մնալ քա­ղաքա­կանու­թե­նէ, բայց քա­ղաքա­կանու­թիւնը ուշ թէ կա­նուխ քե­զի հաս­նե­լու ձե­ւը կը գտնէ։

Ամէն ան­գամ, երբ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ իմ քա­ղաքա­կան տե­սակէտ­ներս կը կի­սեմ, քա­նի մը տաս­նեակ մար­դիկ, յա­ճախ ոչ շատ քա­ղաքա­վարի, կը յոր­դո­րեն որ հե­ռու մնամ քա­ղաքա­կանու­թե­նէ եւ բա­ւարա­րուիմ կա­տակեր­գութեան կամ արուես­տի սահ­մաննե­րով, կար­ծէք՝ անոնք իրա­րու հետ ան­հա­մատե­ղելի ըլ­լա­յին։

Հա­ւատա­ցէ՛ք, կը փոր­ձեմ։ Բայց ինչպէս Արունտհա­թի Ռոյ ըսած է՝ «Ապա­քաղա­քական արուեստ գո­յու­թիւն չու­նի։ Լռու­թիւնը քա­ղաքա­կան ընտրու­թիւն է»։

Այ­սօր, երբ ամ­բողջ ազգ մը կը կո­տորուի եւ սո­վամահ կ՚ըլ­լայ, երբ մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան բո­լոր մեծ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը, նե­րառեալ իս­րա­յէլա­կան­նե­րը, Կա­զայի մէջ տե­ղի ու­նե­ցողը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կ՚անուանեն, լուռ մնա­լը խո­րապէս քա­ղաքա­կան արարք մը կը դառ­նայ։ Եթէ լուռ մնամ՝ ար­տօ­նած պի­տի ըլ­լամ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։

Ես ծնած եմ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ըն­դա­մէնը քա­ռասուն տա­րի ետք, որ գոր­ծադրուեցաւ թրքա­կան կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ։ Ըն­տա­նիքիս եր­կու թե­ւերն ալ ջար­դուեցան։ Մեծ­ցայ մեծ մօրս՝ հօրս մօ­րը գիր­կը, որուն ամու­սի­նը տա­րագ­րուեր էր, որուն եր­կու պզտիկ եղ­բայրնե­րը իր աչ­քե­րուն առ­ջեւ սպա­նուեր էին, որուն մայրն ու եր­կու աղ­ջիկնե­րը (ինը եւ տաս­ներկու տա­րեկան) ան­հե­տացեր էին տե­ղահա­նու­թեանց ըն­թացքին, որուն ամ­բողջ ցե­ղը կո­տորուեր էր։ Ան մնա­ցեր էր միայն հայ­րի­կիս հետ, որ այն ատեն մէկ տա­րեկան էր եւ որ­բա­նոցի մը մէջ մեծ­ցաւ։

Ման­կութիւնս ան­ցուցի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մութիւններ մտիկ ընե­լով, լսե­լով մեծ մօրս ձայ­նը՝ միշտ նոյն զար­մանքին ու ցա­ւին մա­սին. “Ես եր­բեք պի­տի չհասկնամ՝ ինչպէս աշ­խարհ թոյլ տուաւ, որ այս բա­նը պա­տահի։ Ինչպէ՞ս կրցան ամ­բողջ ազ­գի մը կո­տորա­ծը դի­տել ու ոչինչ ընել”։

Աս­տուծոյ հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւատ­քիս կո­րուստը կրնամ ուղղա­կի վե­րագ­րել այդ պատ­մութիւննե­րուն։ Նոյ­նիսկ որ­պէս երե­խայ, կը մտա­ծէի. եթէ աշ­խարհը լուռ կը դի­տէր, Աս­տուած ին­չո՞ւ բան չը­րաւ։ Աս­տուած ամե­նակա­րողը, առանց որուն կամ­քին՝ տե­րեւ մ՛իսկ չի շար­ժիր, չէ՞։

Մէկ մասս կ՚ու­զէր հա­ւատալ, որ ըն­տա­նիքս թե­րեւս ողջ մնար, եթէ աշ­խարհ իրա­պէս տես­նէր, թէ ինչ կը պա­տահէր։ Մե­ռեալ­նե­րու եւ մա­համերձնե­րու նկար­ներ, սո­վամահ եղող երե­խանե­րու պատ­կերներ, ան­մեղ քա­ղաքա­ցիներ դի­պու­կա­հարող զի­նուոր­նե­րու տե­սերիզ­ներ, տու­ներ գետ­նին հա­ւասա­րեց­նող հո­ղաշարժ մե­քենա­ներ, ամ­բողջ գիւ­ղե­րու հրկի­զում…։ Ան­շուշտ, աշ­խարհ պի­տի վրդո­վէր եւ բան մը պի­տի ընէր։

Եւ սա­կայն, ահա­ւասիկ մենք, աւե­լի քան մէկ դար ետք, կը դի­տենք Պա­ղես­տի­նի մէջ կա­տարուող վայ­րա­գու­թիւննե­րը։ Շատ բան չէ փո­խուած։ Աշ­խարհը լուռ է։ Աս­տուած,– եթէ հա­ւատա­յի,– խուլ ձե­ւացու­ցած է։ Եւ ես, «քա­ղաքա­կիրթ» աշ­խարհի մե­ծամաս­նութեան պէս, մեղ­սա­կից եմ։

Ես մեղ­սա­կից եմ, որով­հե­տեւ լռու­թիւնը մեղ­սակցու­թիւն է։ Սպա­նուած են եօթա­նասուն հա­զար պա­ղես­տինցի­ներ, մե­ծամաս­նութիւ­նը՝ կի­ներ եւ երե­խաներ։ Ամէն օր հա­րիւ­րա­ւոր ու­րիշներ կը մեռ­նին սո­վէ։ Եւ սա­կայն շատ խղճմիտ մար­դիկ լուռ կը մնան՝ վախ­նա­լով հա­կասե­մական պի­տակուելէ, կամ աւե­լի գէ­շը՝ ձեր­բա­կալու­թեան, գոր­ծի կո­րուստի կամ ըն­կե­րային մե­կու­սացման սպառ­նա­լիք­նե­րէն, որով­հե­տեւ տի­րող խօ­սոյ­թին մէջ, ով որ իս­րա­յէլա­կան կա­ռավա­րու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը կը քննա­դատէ, ան­պայման ան­հա­ւասա­րակ­շիռ պէտք է ըլ­լայ։

Մեղ­սա­կից կը զգամ, որով­հե­տեւ կ՚ապ­րիմ Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ, եր­կիր մը, որ Իս­րա­յէլին կը տրա­մադ­րէ տա­րեկան մօտ 3,8 մի­լիառ տո­լարի զի­նուո­րական օգ­նութիւն, այ­սինքն՝ օրա­կան աւե­լի քան 10 մի­լիոն։ Մինչդեռ սո­վը կը շա­րու­նա­կուի, իս­րա­յէլա­ցի զի­նուոր­ներ կը խա­ղան սո­վամահ եղող պա­ղես­տինցի­ներու հետ, ամե­րիկա­ցի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ կա­շառուած են եւ աշ­խարհը սպառ­նա­լիքի տակ հնա­զան­դութեան կը մղուի։

Մեղ­սա­կից կը զգամ որով­հե­տեւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թացքին եւ ան­կէ ետք, Պա­ղես­տին հիւ­րընկա­լեց հա­զարա­ւոր հայ գաղ­թա­կան­ներ եւ որ­բեր՝ անոնց վե­րաբե­րելով ար­ժա­նապատ­ւութեամբ եւ մար­դա­սիրու­թեամբ։

Մեղ­սա­կից կը զգամ, որով­հե­տեւ ոչի՛նչ, եւ կը կրկնեմ՝ բա­ցար­ձա­կապէս ոչի՛նչ կ՚ար­դա­րաց­նէ այն ար­հա­մար­հանքն ու ան­մարդկայ­նութիւ­նը, որոնց պա­ղես­տինցի­ները դի­մացած են ափարթհայ­տի լու­ծի տակ, աւե­լի քան եօթա­նասուն տա­րի։ Դի­մադ­րութեան որե­ւէ փորձ կը պի­տակուի «ահա­բեկ­չութիւն», մինչ Նե­թանիահուի շուրջին­նե­րը, Իթա­մար Պէն-Կվի­րէն,– որ դա­տապար­տուած է ցե­ղապաշ­տութեան դրդու­մին եւ ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան աջակ­ցե­լուն հա­մար,– մին­չեւ Պե­ցալէլ Սմոթ­րիչ,– որու ծայ­րա­յեղա­կան դիր­քո­րոշումնե­րը մի­ջազ­գա­յին պատ­ժա­միջոց­նե­րու պատ­ճառ դար­ձան,– մին­չեւ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Եոաւ Կա­լանթ,– որ այժմ են­թա­կայ է Քրէական մի­ջազ­գա­յին ատեանի ձեր­բա­կալ­ման հրա­մանի,– նա­խագա­հած են պա­ղես­տինցի­ներու կեան­քը աւե­րող քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու կամ յա­ռաջ մղած են զա­նոնք։

Մեղ­սա­կից կը զգամ, որով­հե­տեւ մտե­րիմ, թան­կա­գին բա­րեկա­մու­թիւններ կորսնցնե­լու վա­խը եր­բեմն աւե­լի ծանր կշռած է, քան հար­ցը բարձրաց­նե­լու պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը։ Երախ­տա­պարտ եմ իմ այն հրեայ բա­րեկամ­նե­րուս, որոնք քա­ջու­թիւնը ու­նե­ցած են դա­տապար­տե­լու Նե­թանիահուի կա­ռավա­րու­թիւնը, ճիշդ ինչպէս որ ես, իբ­րեւ ամե­րիկա­ցի, իմ սե­փական կա­ռավա­րու­թիւնս պա­տաս­խա­նատու կը նկա­տեմ։

Մեղ­սա­կից կը զգամ, որով­հե­տեւ նոյն իս­րա­յէլա­կան կա­ռավա­րու­թիւնը զի­նեց Ազեր­պայճա­նը, որու ար­շա­ւանքներն ու շրջա­փակու­մը սպառ­նա­ցին Ար­ցա­խի շուրջ 130.000 հա­յերու կեան­քին, եւ որ 2023-ի յար­ձա­կու­մով լիակա­տար վե­րահսկո­ղու­թիւն հաս­տա­տեց ու տա­րածաշրջա­նը պար­պեց իր հայ բնակ­չութե­նէն։ Իս­րա­յէլա­կան անօ­դաչու սար­քե­րը եւ այլ ար­դիական զէն­քեր վճռո­րոշ դեր խա­ղացին այս հե­տեւանքնե­րուն մէջ՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով հա­զարա­ւոր ան­մեղ հա­յերու մա­հուան։ Ես այս բո­լորը դի­տեցի Լոս Ան­ճը­լըսի իմ տու­նէս, ուր իմ վճա­րած հար­կե­րուս մեծ տո­կոսը կ՚օգ­նէ այս մար­դասպան մե­քենա­յին գան­ձատրման։

Այս պա­հը աւե­լի ող­բերգա­կան դարձնողն այն է, որ մէկ դար առաջ, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թացքին, զան­գուածա­յին լրաս­փիւռ չկար։ Լու­րե­րը դան­դաղ կը տա­րածուէին, եւ տե­սողա­կան ապա­ցոյցնե­րը սա­կաւ էին։ Այ­սօր, հա­կառակ ճնշու­մի իս­րա­յէլա­կան ջան­քե­րուն, ըն­կե­րային ցան­ցե­րը լե­ցուն են ան­դա­մահա­տուած մար­միննե­րու, աւե­րակ­նե­րու վե­րածուած թա­ղամա­սերու եւ սո­վէ մեռ­նող երե­խանե­րու պատ­կերնե­րով։

Այ­սօր, չեմ կրնար ան­գի­տու­թիւն ձե­ւաց­նել։ Ես պար­զա­պէս հա­յեացքս կը շե­ղեմ։ Կա­զայի մա­սին խո­րագիր մը կ՚երե­ւի, եւ ես մա­տովս կը սա­հեց­նեմ զայն, կ՚անցնիմ՝ յու­սա­լով խու­սա­փիլ անոր պատ­ճա­ռելիք ցա­ւէն եւ ան­հանգստու­թե­նէն։

Մեղ­սա­կից կը զգամ, որով­հե­տեւ ինքզին­քիս կ՚ըսեմ, որ ինչ որ ընեմ՝ իրա­կանու­թիւնը պի­տի չփո­խէ։ Որ ես ան­զօր եմ։ Որով­հե­տեւ սոր­վե­ցայ, որ երբ աշ­խարհը կը խո­նար­հի զո­հին ոտ­քե­րուն առ­ջեւ, այդ կը նշա­նակէ եր­կու բան. կա՛մ զո­հը մա­հուան շե­մին է, կա՛մ զո­հը բա­ւական հզօ­րացած է, որ­պէսզի աշ­խարհը յա­ւիտեան խո­նար­հած պա­հէ իր ոտ­քե­րուն։

Մեղ­սա­կից կը զգամ, որով­հե­տեւ որ­պէս ան­հա­ւատ, չեմ կրնար գի­շերը ան­կո­ղին մտնել, Աս­տուծոյ աղօ­թել, որ դադ­րեցնէ ջար­դե­րը, օգ­նէ անօ­թեւան­նե­րուն, բու­ժէ վի­րաւոր­նե­րը, կե­րակ­րէ սո­վամահ եղող երե­խանե­րը, եւ յե­տոյ հա­ւատալ, որ աղօ­թելով՝ ես թշուառու­թեան վերջ տա­լու իմ բա­ժինս կա­տարած եմ։

Թե­րեւս միակ պատ­ճա­ռը, որ այս յօ­դուա­ծը գրե­ցի, խիղճս հան­դարտեց­նելն էր, ինքզինքս հա­մոզե­լը, որ այս ընե­լով՝ ես որե­ւէ կեր­պով բան մը կ՚ընեմ այս մա­սին։ Բայց զո՞վ կը խա­բեմ։ Ես տա­կաւին մեղ­սա­կից եմ։ Եւ թե­րեւս այդ խոս­տո­վանի­լը դի­մադ­րութեան առա­ջին քայլն է։ Կը մտա­ծեմ մեծ մօրս մա­սին, որ մեր հիւ­րա­սենեակին մէջ իր բազ­մո­ցին վրայ նստած, իր խա­ղաղ, խեղ­դուկ ձայ­նով ին­ծի կը պատ­մէր, թէ աշ­խարհը ինչպէս լռու­թեամբ դի­տած էր, երբ իր ժո­ղովուրդը կը կո­տորուէր։ Եթէ ան այ­սօր հոս ըլ­լար՝ գի­տեմ, որ պի­տի նա­յէր Կա­զային, յե­տոյ ին­ծի, եւ պի­տի յղէր նոյն հար­ցումը, որ ամ­բողջ կեան­քի ըն­թացքին յղեց. «Ինչպէ՞ս աշ­խարհ կրնայ դի­տել ու բան չընել»։