Մարտ 5-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան։
Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը թափօրով առաջնորդած են Ս․ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս․ Վարդան մատուռ–մկրտարան, ուր, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Մուշեղ եպիսկ. Բաբայեանի հանդիսապետութեամբ, կատարուած է «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն։
Մուշեղ եպիսկ. Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով ողջունած և բարի գալուստ մաղթած է Սահակ պատրիարքին։ Այնուհետեւ Կ.Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը օրհնած ու բարեմաղթանքներ հաղորդած է Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան՝ գոհունակութիւն վերառաքելով առ Աստուած, որ Տիրոջ օրհնութեամբ վերստին Սուրբ Էջմիածին կը գտնուի։
Յառաջիկայ օրերուն Սահակ պատրիարք պիտի մասնակցի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ՝ Մայր Աթոռի մէջ գումարուելիք Գերագոյն հոգևոր խորհուրդի ժողովին։
Պատրիարք Հօր այս ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ շաբաթ մը։ Անոր կ՚ընկերանայ պատրիարքական աթոռի լուսարարապետ Տրդատ աւ. քհնյ Ուզունեան։