Յուլիս 19–31, Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական 30-րդ հաւաքը (ֆորում), որ արդէն երեք տասնամեակէ ի վեր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն համար կը հանդիսանայ համախմբման իւրայատուկ առիթ` կամուրջ ստեղծելով անոնց միջեւ, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելով: Այս հաւաքը նաեւ առիթ կ՚ըլլայ միտքերու փոխանակումներու, քննարկումներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու մտայնութեան եւ իրականութեան ծանօթանալու:
Այս տարի յատուկ շուքով պիտի նշուի ուսանողական հաւաքի 30-ամեակը: Յուլիս 22-ին Հայաստանի «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ այս առիթով տեղի կ՚ունենայ նախկին ֆորումական Սէրուժ Պաղտասարեանի համերգը` Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, որուն տոմսերը արդէն ամբողջութեամբ սպառած են: Այս համերգը կը նուիրուի ֆորումականներ` Էտուին Իսաղուլեանի (մահացած Միացեալ Նահանգներ) եւ Արտակ Իշխանեանի (նահատակուած Արցախի 44-օրեայ պատերազմին) անթառամ յիշատակին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։