Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու մասնակիցները այցելած են Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր եւ Սուրբ Էջմիածին

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու վեցերորդ օրը՝ Յուլիս 29-ին, մարզիկները, կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչական անդամներուն առաջնորդութեամբ, այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Եռաբլուր նահատակաց պանթէոն եւ Ս. Էջմիածին:

Ծիծեռնակաբերդի Մէջ

Ծիծեռնակաբերդ հասնելով, ՀՄԸՄ-ի «Մարզական բանակ»-ին անունով Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակ զետեղած են ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան:

Ապա, մարզիկները բոլորուած են յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ, մէկական ծաղիկ զետեղած եւ «Տէրունական» աղօթքով հոգիներու խաղաղութիւն խնդրած են թրքական եաթաղանին զոհ գացած մեր անմեղ զոհերու հոգիներուն համար:

Եռաբլուր պանթէոնին Մէջ

Ծիծեռնակաբերդէն ետք, մարզախաղերու մասնակիցները ուղղուած են Եռաբլուր նահատակաց պանթէոն, ուր մուտքին դիմաւորուած են Դադիվանքի նախկին վանահայր, պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց մատրան սպասարկող Յովհաննէս քհնյ Յովհաննէսեանի կողմէ:

Կարճ աղօթքէն ետք, ՀՄԸՄ-ականները այցելած են Արցախեան պատերազմներու նահատակ ՀՄԸՄ-ականներու շիրիմները եւ ծաղիկներու զետեղումով յարգանքի տուրք մատուցած են անոնց յիշատակին:

ՀՄԸՄ-ի անունով նաեւ յիշատակի ծաղկեպսակ մը զետեղուած է Եռաբլուրի յուշապատին առջեւ:

Սուրբ Էջմիածինի մէջ

Մարզախաղերու մասնակիցներուն վերջին կանգառը եղած է Ս. Էջմիածինը: Սուրբ Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է անոնց օրհնութեան կարգը` հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսաց դասի անդամներու:

Այս առիթով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գոհունակութիւն յայտնած է, որ աւանդական դարձած Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու առիթով աշխարհի զանազան կողմերէն հայրենիք համախմբուած են` մրցապայքարի մէջ դրսեւորելու իրենց հմտութիւններն ու կարողութիւնները, միաժամանակ ճանչնալու եւ բարեկամանալու իրարու հետ:

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին առջև ծառացած բազմաթիւ դժուարութիւններուն ու խնդիրներուն՝ Գարեգին Բ.  ընդգծած է, թէ արցախեան պատերազմի հետեւանքով հայրենի երկիրը տակաւին կը դիմագրաւէ լուրջ անվտանգային մարտահրաւէրներ, կարիքի մէջ է տեղահանուած արցախահայութիւնը, ներհասարակական կեանքին մէջ  կը խորանան անհամերաշխութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, գերակշռող են եւ խորապէս անհանգստացնող ապագայի անորոշութեան զգացումները։

“Հաւատում ենք, որ արդարութիւնը պիտի յաղթանակի եւ համախումբ ջանքերով թոյլ պիտի չտանք, որ մեր կեանքում գերակայեն եղբայրատեացութիւնը, կեղծիքն ու չարագործութիւնները եւ խաթարուի ազգային միասնականութիւնը։ Հայրենիքի համար նոյնիսկ այս բարդ իրավիճակում պէտք չէ յուսահատուել եւ հիասթափութիւն ապրել։ Դուք, որ ծնուել ու հասակ էք առել աշխարհի տարբեր երկրներում, ինչպէս եւ Հայաստանում ու Արցախում, պատասխանատւութիւն ունէք մեր ժողովրդի լուսեղէն գալիքի կերտման գործում՝ ձեր ուժերն ու կարողութիւնները ծառայեցնելու ի սէր ազգի ու հայրենիքի”,– ՀՄԸՄ-ականներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ յատկապէս ընդգծած է Վեհափառ հայրապետը։

Խմբագրական