«Դէպի Հայք»-ը կամ՝ հանրային տիրոյթին մէջ աւելի շատ ծանօթ Birhtright Armenia անունով, Հայաստանի զարգացման նպաստող՝ սփիւռքահայերու Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանքային ծրագիր մըն է, հիմնադրուած՝ 2003-ին տիկին Էտիլ Յովնանեանի կողմէ։ Birhtright Armenia-ի տեսլականն է կառուցել կամուրջ մը սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ, հնարաւորութիւն տալով սփիւռքահայ երիտասարդներուն՝ Հայաստանի մէջ կամաւորութեան միջոցաւ ծառայելու, անոնց մէջ ամրապնդելու ինքնութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը, խրախուսելով զանոնք որ կայուն կապեր հաստատեն իրենց նախնիներու հողին հետ։
Birhtright Armenia-ի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն՝ Սեւան Գապագեան ծնած է Լիբանան, ապրած է Միացեալ նահանգներ՝ Լոս Անճըլըս։ 18 տարի եղած է ճարտարագէտ (Aerospace Engineering)։ 2006 թուականէն ի վեր Birhtright Armenia-ի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէնն է։
***
«Նոր Յառաջ» – Ինչպէ՞ս զարգացաւ Birthright Armenia-ն ստեղծումէն ի վեր։ Ռազմավարութիւնը ժամանակի ընթացքին փոխուեցա՞ւ, եւ եթէ այո՛, ապա ինչպէ՞ս։
Սեւան Գապագեան – «Դէպի Հայք», Birthright Armenia ծրագրին զարգացումը մի քանի գիծով կարելի է ներկայացնել.
Առաջին՝ սկիզբի տարիներուն մեր մասնակիցներուն 80 տոկոսէն աւելին, ՄիացեալՆահանգներէն կու գար, հիմա այդ թիւը նուազած է շուրջ 40 տոկոսի, այս մէկը կը նշանակէ, որ մասնակիցներու 60 տոկոսը ուրիշ երկիրներէ կու գայ եւ կը ներկայացնէ աշխարհի հայկական իրականութիւնը՝ Հարաւային Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն, Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն։
Երկրորդ՝ առաջին երեք տարիներուն միայն Երեւանի մէջ կը գործէինք, 2007-ին Գիւմրիի մէջ գործունէութիւն սկսանք, 2013-ին՝ Վանաձորի մէջ: Հիմա Հայաստանի երեք քաղաքներու մէջ ունինք մեր սեփական տարածքը, կամաւորները եւ աշխատակազմը:
Երրորդ՝ առաջին տարիներուն հիմնականին մէջ միայն ամառնային ծրագիր էր, տասներկու ամիս կ՚աշխատէինք հարկաւ, սակայն մեծ թիւը ամռան կ՚ըլլար, իսկ ձմռան՝ Նոր տարուան կ’ունենայինք 3-4 հոգի միայն։ Հիմա պատկերը այլ է, այսինքն, տակաւին ամռան ամէնէն շատ մասնակիցները կ՚ունենանք, սակայն միւս եղանակներուն ալ 50-60 կ՚ունենանք:
Չորրորդ՝ եթէ առաջին տարիներուն մենք ունէինք 100-էն պակաս մասնակից, հիմա ունինք արդէն 200-էն աւելի, իւրաքանչիւր տարի։
Այս քանի մը զարգացումները կարեւոր է շեշտել, որովհետեւ մարդիկ պէտք է գիտնան, որ սա միայն ամերիկահայերու համար չէ, միայն ամառնային ծրագիր չէ, սա միայն Երեւանով սահմանափակուած չէ եւ ամբողջական ճկունութիւնը ունինք մեզ լսողներուն, մեզ դիտողներուն անձնական կեանքի պայմաններուն յարմարելու, որպէսզի իրենք ալ կարենան գալ եւ մասնակցիլ։
«ՆՅ» – Ի՞նչն էր Ձեզ խթանողը այս ծրագիրը մշակելու եւ ի՞նչն էր մղողը, որ ներգաղթէք, զարգացնէք այս ծրագիրը, ղեկավարէք: Ի՞նչ ակնկալիք ունիք մանաւանդ մասնակիցներէն։
Ս.Գ. – Իրականութեան մէջ ներգաղթելու որոշումը աւելի առաջ կայացուցած էի եւ այս ծրագիրը միայն առիթ մըն էր այդ որոշումը իրականացնելու: Այս ծրագրին հետ նպատակս էր ըլլալ այն դարպասը բացողը, որ ներս կը հրաւիրէր մասնակիցները, որոնք յանդգնութիւնը ունէին Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանք տանելու: Birthright ծրագիրը ոչ թէ Հայաստան կը տեղափոխէ կամ հայրենադարձութեան ծրագիր կը հաստատէ, այլ պէտք է արձանագրել այն փաստը նաեւ, որ մեր 3000 մասնակիցներուն տասներկու տոկոսը Հայաստան տեղափոխուած է, Հայաստանի մէջ կ’ապրի, իսկ մնացեալ 88 տոկոսը քայլ մը առաջ նետած է, իր հայկական ինքնութիւնը իմաստաւորելու եւ Հայաստանի դերը իր կեանքին մէջ հասկնալու տեսանկիւնէն եւ այժմ Սփիւռքի մէջ կը նախաձեռնէ այնպիսի ծրագրերու, որոնք իսկապէս գովելի են:
«ՆՅ» – Խօսինք քիչ մը մասնակիցներու «արշաւ»-ին (Birthright-ի հետ անցնելիք ճամբուն) մասին: Մեզի կը պատմէ՞ք դիմումը ներկայացնելէն մինչեւ վերադարձ, ի՞նչ կը կատարեն։
Ս.Գ. – Նախ կարեւոր է նշել քանի մը կէտ: Մեր դիմորդները շատ տարբեր են իրարմէ. ոմանք առաջին անգամ կ՚այցելեն Հայաստան, ուրիշներ լեզու չեն գիտեր: Ոմանք տակաւին համալսարանը չեն աւարտած, ուրիշներ տարիներու փորձառութիւն ունին: Պէտք է նշեմ նաեւ որ այս ծրագրի տարիքային շեմը կը սահմանուի 21-էն մինչեւ 32 տարեկան: Մեր դիմորդը կարիքը չունի Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկը ճանչնալու, երբեմն նոյնիսկ օդանաւի 100 տոկոս ծախսը կը տրամադրենք մասնակիցին, ինչպէս նաեւ զայն կը տեղաւորենք մեր հիւրընկալ ընտանիքներուն մէջ, եթէ փափաքի: Մասնակիցէն պարզապէս կը պահանջուի բաց միտք, արկածախնդիր ոգի ու կեանքի սովորական նաւակէն դուրս ելլելու քաջութիւն:
Ծրագիրը հիմնական աշխատանքի ժամանակաշրջան կը նախատեսէ մօտաւորապէս երկու ամիսէն մինչեւ մէկ տարի: Մասնակիցները շաբաթը երեսուն ժամ պէտք է տրամադրեն կամաւորական աշխատանքի՝ մեզի հետ համագործակցող աւելի քան 1500 տարբեր ոլորտներու կազմակերպութիւններէն առնուազն մէկուն մէջ: Երբեմն մասնակիցներ կը նախընտրեն միաժամանակ երկու տեղ կամաւորութիւն ընել կամ ծրագրին առաջին մասին իրենց մասնագիտութեամբ զբաղիլ, երկրորդ մասին՝ այլ:
Ծրագիրը ունի նաեւ իր թեթեւ տարբերակը, որ կը նախատեսէ միայն մէկ ամիս կամաւորութիւն: Այս տարբերակը նպաստաւոր է անոնց, որոնք չեն կրնար երկար ժամանակ բացակայիլ իրենց աշխատանքէն:
Աշխատանքային օրուան աւարտին ունինք տարբեր աշխատանոցներ եւ ծրագրեր եւս: Օրինակ՝ հայերէնի դասընթացքներ, ճանաչողական շրջայցեր եւ զանազան դասախօսութիւններ:
Ծրագիրը կը նպատակադրէ թէ՛ Հայաստանը ճանաչելի դարձնել սփիւռքահայ երիտասարդին, եւ թէ՛ սփիւռքահայ երիտասարդին ներուժը օգտագործել Հայաստանը զարգացնելու համար, ինչպէս նաեւ մասնակիցին տրամադրել աշխատանքային փորձառութիւն՝ իր ինքնակենսագրականը զարգացնելու համար:
Ծրագիրը շատ ճկուն է: Չունի թուականներու սահամանափակում, հետեւաբար մասնակիցները ազատ կրնան երթալ իրենց երկիրները եւ վերադառնալ շարունակելու Birthright Armenia-ն:
Դիմելու կարգը առցանց է, հետաքրքրուողները կրնան նամակցիլ մեզի հետ մեր ել-գիրի հասցէով՝ info@birthrightarmenia.am կամ ծանօթանալ մեր կայքէջին՝ birthrightarmenia.org:
«ՆՅ» – Birthright Armenia-ն ինչպէ՞ս կը յարմարցնէ մասնակիցներուն տեղաւորումները հիւրընկալ ընտանիքներու քով։
Ս.Գ. – Հիւընկալ ընտանիքները մեր ծրագրի ամէնէն յաջող բաժիններէն է։ Այս ընտանիքները մե՛նք կ՚ընտրենք եւ անոնց մասին կը տեղեկացնենք մասնակիցներուն՝ իրենց Հայաստան ժամանելէն առաջ, որպէսզի ծանօթանան իրարու: Մենք նաեւ կը շարունակենք կապ հաստատել մեր շրջանաւարտներուն հետ, որոնք կը խոստովանին, թէ երբ Հայաստան վերադառնան նախ կ՚այցելեն զիրենք հիւրընկալող ընտանիքներուն:
«ՆՅ» – Ի՞նչ դեր կը խաղայ լեզուն մասնակիցին փորձառութեան մէջ, եւ ինչպիսի՞ աջակցութիւն կը տրամադրուի։
Ս.Գ. – Բազմաթիւ մասնակիցներ ունինք, որոնք կու գան առանց հայերէն գիտնալու, բայց իսկապէս ջանք կը թափեն եւ մեր հետեւողական դասընթացքներուն շնորհիւ, 2-3 ամսուան ընթացքին կը սկսին խօսիլ տարրական հայերէն։ Ես կրնամ անձամբ վկայել՝ հարիւրաւոր փաստեր կան այս ուղղութեամբ։
Բայց ամէնէն կարեւորը՝ այս երկիրը հասկնալու, այս երկրին զարգացումը ամէն կողմէ տեսնելու ցանկութիւնն է։ Ես միշտ կ՚ըսեմ մեր մասնակիցներուն առաջին հանդիպման ընթացքին՝ Հայաստանը պէտք է գրկել իր ամէն ինչով, ներառեալ այն բոլոր բաներով, որոնց հետ համաձայն չէք, բոլոր բաներով, զորս չէք սիրեր։ Ինչպէս որ ձեր ապրած երկիրներուն մէջ ամէն բան չսիրելով հանդերձ, կը նպաստէք անոնց զարգացման, նմանապէս ալ Հայաստանի նկատմամբ պէտք է շատ գործնական մօտեցում ունենալ։ Այժմ Հայաստան ամէնէն շատ կարիքը ունի կամաւորներու, հաւատացողներու, աշխատողներու, սորվողներու, տեսնողներու, փորձողներու, մտածողներու՝ շատ աւելի քան՝ հինգ կամ տասը տարի առաջ։
Աշխարհի մէջ Հայաստանէն դուրս 7 միլիոն հայ կայ, որոնք կը նպաստեն ուրիշ երկիրներու զարգացման: Մենք կը փորձենք այդ ներուժը Հայաստանին ի նպաստ օգտագործել:
«ՆՅ» – Birthright Lite-ը ի՞նչ լուծում կու տայ անոնց, որոնք չեն կրնար ամբողջ ծրագրին մասնակցիլ։
Ս.Գ. – Birthright Lite ծրագրի տեւողութիւնը 4 շաբաթէն 9 շաբաթ է, իսկ սովորական ծրագիրը 9 շաբաթէն կը սկսի, ինչպէս նշեցի։ Այս մէկը բոլոր անոնց համար է, որոնք չեն կրնար իրենց գործէն բացակայիլ: Ճիշդ նոյն ծրագիրն է՝ կարճ տարբերակով: Birthright Lite-ի մասնակիցները կարելիութիւնն ունին նաեւ երկրորդ անգամ մասնակցելու սովորական ծրագրին:
«ՆՅ» – Birthright Armenia-ն ինչպէ՞ս կը չափէ մասնակիցին յաջողութիւնը։
Ս.Գ. – Մասնակցութիւնը ինքնին յաջողութիւն է։ Այս մէկը կամաւորական աշխատանք է եւ մենք չենք կրնար որակաւորում տալ: Իւրաքանչիւր մասնակից ինքն իր մէջ կրնայ սահմանել իր յաջողութեան չափանիշը:
Ունինք մասնակիցներ, որոնք արդէն Հայաստան տեղափոխուած են եւ սահմանամերձ շրջաններու մէջ կազմակերպութիւններ հիմնած են, հոգեբանական եւ ֆիզիքական բժշկութեան կեդրոններ ունին եւ այլն, ուրիշներ Հայաստանի մէջ ընտանիք կազմած են: Իւրաքանչիւր մասնակիցի յաջողութիւնը թէեւ անհատական բնոյթ ունի, սակայն նաեւ մե՛ր յաջողութիւնն է:
Մեր աշխատակազմին մէջ ունինք երկու հոգի, որոնց միակ գործունէութիւնը շրջանաւարտներուն հետ աշխատիլն է: Անոնք նոր եկող կամաւորներուն հետ կը սկսին աշխատիլ, որպէսզի նորեկները հեռանկարային մօտեցում ունենան։ Մեր շրջանաւարտներուն հետ միշտ կապը կը պահպանենք՝ տարեկան լրատուներ կ՚ուղարկուին անոնց, ինչպէս նաեւ կը փորձենք ստեղծել հայաստանաբնակ շրջանաւարտներու համայնք մը, որ աւելի աշխուժօրէն կը ներգրաւուի Birthright-ի ծրագրերուն մէջ:
«ՆՅ» – Այս ամբողջ ընթացքին Birthright Armenia-ն ի՞նչ մարտահրաւէրներու հանդիպած է:
Ս.Գ. – 2020 թուականը մեզի համար սառած ժամանակաշրջան մը եղաւ, նախ covid19-ը, ապա պատերազմը, սակայն յաջորդ տարի արդէն իսկ կրցանք նախորդ տարիներու մասնակցութեան թիւը ապահովել:
Ինչ կը վերաբերի երկրի իրավիճակին, պէտք է նշել, որ ամբո՛ղջ հայկական աշխարհին իրավիճակը այսօր բարդ է: Մարդիկ փոխանակ Հայաստանի յաջողութեան համար միաբանելու, կամայ-ակամայ հակառակը կ՚ընեն: 2023-ի պատերազմն ու Արցախի կորուստը աւելի խորացուց այս բոլորը: Այդ իսկ պատճառով հիմա աւելի շատ կամաւորներու կարիքը կայ: Կ՚ուզեմ նշել նաեւ, որ մենք ունինք քոյր կազմակերպութիւն մը՝ «Armenian Volunteer Corps»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել 32 եւ անկէ վեր տարիքիով անհատներ, առանց սահմանափակումի: Խորհուրդս է բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն նպաստ բերել մեր հայրենիքին՝ միանալ այս ծրագրին:
«ՆՅ» – Որո՞նք են ծրագրի ապագայ զարգացման կամ ընդլայնման հեռանկարները Հայաստանի մէջ։
Ս.Գ. – Առաջինը՝ մեր կամաւորներուն թիւը բազմապատկելն է: Եթէ մենք այժմ տարեկան 200 կամաւոր ունինք, կ՚ուզենք տարեկան 300-էն 500 հոգի ունենալ: Եթէ 3.000 շրջանաւարտ ունինք՝ կ՚ուզենք 5.000, 10.000 շրջանաւարտ ունենալ: Կ’ուզենք մեր մասշտաբով նպաստել հայկական աշխարհի յաջողութեան ու զարգացման:
Այժմ Գորիսի մէջ եւս տարածք յատկացուցած ենք մեր գործունէութեան, մեր յաջորդ ծրագիրը ընդլայնումն է: Կ՚ուզենք նաեւ աւելի ամուր կապեր հաստատել եւ աւելի ծրագրեր ունենալ մեր շրջանաւարտներուն հետ: Սակայն այս բոլորին վերջնական նպատակը միակ է՝ Հայաստանի յաջողութիւնը եւ Հայաստանի յաջողութեան միջոցով նաեւ աշխարհի հայութեան աւելի ամուր, ուրախ գոյութիւնը:
Հարցազրոյցը վարեց՝
Վահան Կ. Մանճիկեան
Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ դիտել հետեւեալ յղումով՝
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։