Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսա։ Յուլիս 12-ին ան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէի հետ:
Ալէն Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան, տնտեսական զարգացման, դիմակայութեան ամրապնդման հարցերուն մէջ անսասան աջակցութեան համար` նշելով, որ Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատուին եղբայրական Ֆրանսայի քայլերը:
Ժերար Լառշէ ալ իր կարգին վերահաստատած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը շարունակական աջակցութեան՝ Հայաստանին:
Զրուցակիցներու քննարկումներու առանցքը կազմած են Հայաստան-Ֆրանսա, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններն ու Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն վերաբերող հարցերը: Առանձին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցերուն:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։