Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը անդրադարձած է Ալիեւի յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան անդրադարձած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Սեւանի մասին կատարած յայտարարութիւններուն։

Ռուբինեան Դիմագիրքի իր էջին համապատասխան գրառում մը կատարելով այս մասին, ըսած է.

«Եթէ բաւականաչափ ետ երթանք, տեղ մը մը իրապէս հին քարտէսներու մէջ պիտի չտեսնենք Սեւան անուանումը։ Փոխարէնը պիտի տեսնենք Գեղամայ ծով կամ Գեղարքունեաց ծով։ Ու հոն պիտի չտեսնենք նաեւ Ազերպայճան։ Բայց ետ երթալը բնաւ իմաստ չունի։ Պէտք է յառաջ երթալ։ Օգոստոս 8-ի հռչակագրին ամբողջ իմաստը հոդ է արդէն»,գրած է Ռուբինեան։