Մայիս 14-ին, Երեւանի բերնէ-բերան լեցուն «Արամ Խաչատրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 100-ամեակին նուիրուած առաջին համերգը, որ բացած է յոբելինական համերգներու շարքը։ Ներկայ եղած են վարչապետ Փաշինեան՝ իր կնոջ հետ, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Համերգին յատկապէս հրաւիրուած էր աշխարհահռչկակ դաշնակահար Եուճա Ուանկ, իսկ նուագախումբին ղեկավարն էր Էդուարդ Թոփչեան։
Յառաջիկային կը նախատեսուին նուագախումբին 100-ամեակին նուիրուած այլ համերգներ եւս՝ հռչակաւոր երաժիշտներու եւ խմբավարներու մասնակցութեամբ, Հայաստանի մարզերուն եւ արտասահմանի մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։