Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւս Անկախութեան տօնին առիթով կազմակերպած է ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցած է աշխատանքային այցով Սպանիա գտնուող Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան։
Ընդունելութեան ընթացքին ան հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով.
«Ձերդ գերազանցութիւններ,
Պատուարժան հիւրեր,
Տիկնայք եւ պարոնայք,
Մեծ պատիւ է այսօր ձեզի հետ մասնակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային տօնին նուիրուած հանդիսաւոր ընդունելութեան:
Մեր Ազգային տօնը ոչ միայն Հայաստանի անկախութեան հռչակման տօն է, այլեւ մեր որդեգրած արժէքներու՝ ազատութեան, տոկունութեան, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հանդէպ յանձնառութեան վերահաստատում։
Այս տարի մեր տօնակատարութիւնը ունի շատ կարեւոր ուղերձ: 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակցութեամբ Հայաստան եւ Ազերպայճան ստորագրեցին Հռչակագիր, որ կը բանայ մեր պատմութեան նոր էջը։ Ան կարեւոր հանգրուան է մեր տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին, խաղաղութիւն, որուն մեր ժողովուրդները շատոնց կը սպասեն եւ որուն արժանի են։
Ուրախ ենք, որ այս կարեւոր օրը կը նշենք Մատրիտի մէջ՝ քաղաք մը, որ կը խորհրդանշէ մշակութային բազմազանութիւն, երկխօսութիւն եւ բարեկամութիւն։ Հայաստանի եւ Սպանիոյ յարաբերութիւնները, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր ձգտումներու վրայ, շարունակաբար կը զարգանան քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ։ Մենք բարձր կը գնահատենք Սպանիոյ դերը՝ որպէս գործընկեր թէ՛ Եւրոպական Միութեան շրջանակին մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս եւ կ՚ակնկալեմ մեր համագործակցութեան հետագայ խորացում։
Յատկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնում Սպանիա բնակող հայ համայնքին, որու նուիրումին եւ աշխատանքին շնորհիւ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ ստեղծուած է կենդանի կամուրջ։
Թող այս օրը հանդիսանայ յաւելեալ առիթ մը աւելի խորացնելու Հայաստանի եւ Սպանիոյ կապերը՝ ի շահ մեր ժողովուրդներու բարօրութեան, խաղաղութեան ու բարեկեցութեան։
Կեցցե՛ն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Սպանիոյ Թագաւորութիւնը:
Շնորհակալութիւն»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։