Հայաստանի անկախութեան 34-ամեակի նշումը Փարիզի մէջ

Ելոյթներուն տիրեց գլխաւոր երկու բնաբան՝ ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը եւ մնայուն խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը

Հոկտեմ­բեր 8-ին, Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւնը,– ինչ­պէս աւան­դութիւն դար­ձած է,– Փա­րիզի «Էն­թերքոն­թի­նան­թալ» պան­դո­կի շքեղ սրահ­նե­րուն մէջ մեծ ըն­դունե­լու­թեամբ մը նշեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ան­կա­խու­թեան 34-րդ տա­րեդար­ձը։ Ձեռ­նարկին ներ­կայ էին ֆրան­սա­ցի բարձրաս­տի­ճան բազ­մա­թիւ քա­ղաքա­կան դէմ­քեր, որոնցմէ յի­շենք նախ­կին վար­չա­պետ ԺանՓիէր Ռա­ֆարէ­նը, ՀօտըՖրան­սի նա­խագահ Զա­ւիէ Պերթրա­նը, Ծե­րակոյ­տի փոխ­նա­խագահ Փիէր Ու­զուլիասը։ Հրա­ւիրեալ­նե­րուն մէջ էր նաեւ թե­միս առաջ­նորդ Գրի­գոր եպիսկ. Խա­չատ­րեան։ Իսկ ելոյթնե­րը ու­նէին որ­պէս բնա­բան յատ­կա­պէս՝ եր­կու եր­կիրնե­րու ամուր բա­րեկա­մու­թիւնը եւ Կով­կա­սի մէջ մնա­յուն խա­ղաղու­թիւն ապա­հովե­լու հրա­մայա­կանը։

Իր խօս­քին մէջ, դես­պան Խա­չատ­րեան անդրա­դար­ձաւ եր­կու եր­կիրնե­րու դա­րաւոր կա­պերուն, նշե­լով թէ՝ Հա­յաս­տան Ֆրան­սան կը դի­տէ իբ­րեւ «փա­րոս»։ Ան ող­ջունեց ԱՄՆու հո­վանիին տակ կնքուած խա­ղաղու­թեան յայ­տա­րարու­թիւնը՝ զայն նկա­տելով «իս­կա­կան շրջա­դարձ», սա­կայն յի­շեցուց Պա­քուի մէջ պա­հուող հայ գե­րինե­րու ազատ ար­ձակման հրա­տապու­թիւնը։ Դես­պա­նը իր խոր երախ­տա­գիտու­թիւնը յայտնեց Ֆրան­սա­յին՝ «ամե­նադ­ժուարին պա­հերուն» ցու­ցա­բերած «ան­սա­սան» զօ­րակ­ցութեան հա­մար։

Այ­նուհե­տեւ, Ֆրան­սա­յի Ծե­րակոյ­տի եւ Ազ­գա­յին ժո­ղովի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը վե­րահաս­տա­տեցին իրենց լիակա­տար աջակ­ցութիւ­նը Հա­յաս­տա­նի հո­ղային ամ­բողջա­կանու­թեան։ Անոնք, սա­կայն ընդգծե­ցին, որ «յոյ­սը» վե­րածե­լու հա­մար կա­յուն խա­ղաղու­թեան, անհրա­ժեշտ են ստո­րագ­րուած պայ­մա­նագիր մը եւ իրա­կան երաշ­խիքներ։ Ծե­րակոյ­տին անու­նով խօսք առաւ փոխ­նա­խագահ Լո­յիք Հեր­վէ, որ նշեց, թէ «խա­ղաղու­թիւնը միայն հա­մաձայ­նութեան մը ար­գա­սիքը չէ, այ­լեւ՝ պա­հանջ մը»։ Ան նաեւ ող­ջոյննե­րը հա­ղոր­դեց Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար ԺանՆոէլ Պա­ռոյի, որ երկրին քա­ղաքա­կան ծա­նօթ ճգնա­ժամա­յին իրա­վիճա­կին պատ­ճա­ռով չէր կրցած ներ­կայ ըլ­լալ։

Ազ­գա­յին ժո­ղովին անու­նով խօսք առաւ Ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ Պրիւ­նօ Ֆուքս, որ ող­ջունե­լէ ետք ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի օրի­նակե­լի վար­քը ան­ցեալէն այ­սօր, իր կար­գին անդրա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի դի­մակա­յած սպառ­նա­լիք­նե­րուն, խա­ղաղու­թեան անհրա­ժեշ­տութեան, կա­րեւոր քայլ մը հա­մարե­լով ուա­շինկթը­նեան հա­մաձայ­նութիւննե­րը, բայց եւ այնպէս աւելցնե­լով, որ վերջնա­կան ճամ­բան դեռ եր­կար է, պէտք է մնալ զգօն ու Ֆրան­սա պի­տի շա­րու­նա­կէ թի­կունք կանգնիլ Հա­յաս­տա­նին։

Այսպէ­սով, ըն­դունե­լու­թիւնը ոչ միայն տօ­նակա­տարու­թիւն էր, այլ նաեւ՝ լուրջ դի­ւանա­գիտա­կան հան­դի­պում մը, որ ցոյց տուաւ, թէ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը այ­սօր ալ պաշտպա­նու­թեան կա­րիք ու­նի՝ մի­ջազ­գա­յին ամուր զօ­րակ­ցութեամբ։

Երե­կոյ­թը փա­կուե­ցաւ Կո­միտա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րով՝ «Արեւ» լա­րային քա­ռեակի կա­տարումով։