Հայաստանի դեսպանը United Airlines-ի հետ քննարկած է Լոս Անճըլըս-Երեւան ուղղակի թռիչքներու կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած է «United Airlines» ընկերութեան միջազգային կարգաւորման հարցերու տնօրէն Չեյթան Ժէյնի հետ։

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Լոս Անճըլըսի եւ Երեւանի միջեւ ուղղակի թռիչքներու հաստատման կարելիութիւնը։

Դեսպան Մկրտչեան ընդգծած է Հայաստանի համար ուղղակի երթուղիին կարեւորութիւնը՝ նկատի ունենալով հայկական սփիւռքի զգալի ներկայութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ յա՛տկապէս՝ Լոս Անճըլըս։

Միւս կողմէ, Չեյթան Ժէյն ներկայացուցած է «United Airlines»-ի ռազմավարական առաջնահերթութիւնները, ոլորտի վերջին միտումները եւ ընկերութեան գործառնական նկատառումները։