Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) Յունիս 4-ին յայտարարած է, թէ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի անհետացածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ հայ եւ ազերի ներկայացուցիչները անդրադարձած են հակամարտութեան ընթացքին անհետացած անձերու ճակատագրին եւ մարդասիրական հարցերուն։ Ուսումնասիրուած են տեղեկատւութեան փոխանակման, ինչպէս նաեւ որոնողական աշխատանքներու կազմակերպման եւ համակարգման կարելիութիւնները։
«Կողմերը շեշտեցին մարդասիրական կալուածին մէջ շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու շփումները՝ ի շահ անհետացածներու ընտանիքներուն»,– նշուած է ԱԱԾ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Նոյն օրը, ԱԱԾ-ի տնօրէն Արմէն Աբազեան լրագրողներու հետ ասուլիսին ըսած է հետեւեալը.
“Հանդիպումը գնահատում եմ դրական: Ես գիտեմ, որ բոլորը սպասում են արդիւնքների, մենք բոլորից շատ ենք շահագրգռուած, որ օր առաջ արդիւնք ունենանք: Ես չեմ կարող յստակ ասել, թէ երբ արդիւնք կ՚ունենանք, բայց արդիւնք ունենալու ուղղութեամբ ամէն ինչ արւում է”։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։