Իրան կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ Խաղաղութեան համաձայնագրի մտադրութեան մասին հռչակագրի կնքումը, միեւնոյն ատեն մտահոգութիւն կը յայտնէ արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ, յատկապէս՝ իր սահմաններուն մօտ:
«Անկասկած, Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը ծառայենշ րջանի բոլոր երկիրներու շահերուն։ Իրան կ՚ողջունէ երկու երկիրներուն միջեւ Խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրումը՝ զայն համարելով տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու կարեւոր քայլ մը։ Միեւնոյն ատեն, Իսլամական Հանրապետութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ որեւէ ձեւի արտաքին միջամտութեան բացասական հետեւանքներուն նկատմամբ,, յա՛տկապէս իր ընդհանուր սահմաններուն մօտ, որոնք կրնան խաթարել տարածաշրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»,– շեշտուած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Օգոստոս 9-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Վերահաստատելով, որ պատրաստ է ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քաղաքական, իրաւական եւ տնտեսական նախաձեռնութիւններուն՝ իր ազգային իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար, Թեհրան կ՚ընդգծէ՝ հաղորդակցութեան ուղիներու ստեղծումը եւ ապաշրջափակումը կրնան նպաստել կայունութեան, անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման մի՛այն այն պարագային, եթէ այդ կատարուի փոխադարձ շահի, ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի շրջանակին մէջ՝ առանց արտաքին միջամտութեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։