Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի եւ Սաուտական Արաբիոյ միջեւ հաստատուած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Նոյեմբեր 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սաուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան միջեւ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն մը:

Փաստաթուղթը ստորագրուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ Սաուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան դեսպան սուլթան պին Ապտալլահ Ալ-Լուայհան ալ-Անքարի կողմէ։

Նշենք, թէ անկախացումէն ի վեր Երեւան եւ Ռիատ դիւանագիտական յարաբերութիւն չեն ունեցած: