Հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են Հայաստանի եւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ասատ ալ-Շայպանին։
Ըստ հայկական կողմի հաղորդագրութեան՝ համաձայնութիւն գոյացած է միացեալ ջանքերով, ներառեալ փոխադարձ այցելութիւններու միջոցով, աշխուժացնել քաղաքական երկխօսութիւնը եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը։
Նախարար Միրզոյեան յայտնած է մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներուն մէջ Հայաստանի աջակցութիւնը շարունակելու իր պատրաստակամութիւնը։
Երկու երկիրներու նախարարները անդրադարձած են տարածաշրջանային զարգացումներուն։ «Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը ՀՀ գործընկերը շնորհաւորած է Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններով՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման առթիւ, եւ մտքեր փոխանակուած են խաղաղութեան շարունակական ամրապնդման ուղղութեամբ առնուող քայլերուն շուրջ»,– ըսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։