Հայաստանի մէջ՝ առաջին ռոպոթային վիրահատութիւնը

Հայաստանի մէջ կատարուած է առաջին ռոպոթային վիրահատութիւնը։ Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի տեսուչ Արմէն Մուրատեանը։

Անոր համաձայն՝ ռոպոթային վիրաբուժութիւնը առաջին անգամ կիրարկուած է «ՍլաւՄետ» բժշկական կեդրոնին մէջ, ուր կատարուած է միզաբանական ռոպոթային վիրահատութիւն՝ երիկամի մասնահատում։

«Ուրախ եմ ու հպարտ, որ առաջին ռոպոթային վիրահատութիւնը կատարուեցաւ միզաբանութեան ոլորտին մէջ։ Վիրահատութիւնը եղաւ բարեյաջող»,- գրած է Մուրատեան։

Վիրահատական միջամտութիւնը կատարած է միզաբան Մհեր Մխիթարեանը։