«Ֆայըրպըրտ» (Firebird) ամպային (արբանեակներով գործող) ընկերութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ NVIDIA-ն յայտարարեցին 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գործատուն մը կառուցելու մասին, որ պիտի հանդիսանայ տարածաշրջանի մեծագոյնը։
Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան յայտնեց, որ նախագիծը պիտի ներառէ հազարաւոր NVIDIA Blackwell GPU-ներ (ԱԲ-ի որակի բարձրացման ուղղուած ծրագրեր) եւ աւելի քան 100 մեկավաթ հզօրութեամբ ենթակառոյց։ Բացումը նախատեսուած է 2026-ին։
Գործատունը պիտի դառնայ հարթակ նորարարութիւններու, կրթութեան եւ գիտութեան համար, խթանելով տեղական ու միջազգային սթարթափներու (առցանց ընկերութիւններու) զարգացումը եւ Հայաստանը՝ արհեստագիութեան ոլորտին մէջ պիտի դարձնէ տարածաշրջանային «պատուհան» մը։
Վարչապետ Փաշինեան, NVIDIA-էն Ճենսըն Հուանկ եւ ԱՄՆ-ու դեսպան Քվին ողջունեցին այս նախաձեռնութիւնը՝ որպէս կարեւոր քայլ արհեստագիտական զարգացման համար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։