Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի նախագահը, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները մասնակցած են Հռոմի պապի վերջին հրաժեշտին եւ յուղարկաւորութեան

Շաբաթ, Ապրիլ 26-ին Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ   երջանկայիշատակ Փրանկիսկոս պապի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, տասնեակներով երկիրներու ղեկավարներու, հազարաւոր եկեղեցականներու եւ մինչեւ 400.000 գնահատուող հաւատացեալներու ներկայութեան։ Երկիրներու ղեկավարներու շարքին էր Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ 

Արարողութեանց ներկայ գտնուեցան նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները եւ միասնաբար մասնակցեցան հոգեւոր արարողութեանց։ Անոնք նաեւ առիթ ունեցան խորհրդակցելու հայ եկեղեցւոյ, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան հետ աղերս ունեցող նիւթերու շուրջ։

Պապին մարմինը ամփոփուեցաւ Սուրբ Մարիամ գերեզմանատան մէջ, ուր յաջորդ օրէն՝ Ապրիլ 27-էն կարելի պիտի ըլլար այցելել անոր շիրիմը։