Կառավարութեան Յուլիս 31-ի նիստին որոշում կայացուած է պետական ամավարկէն շուրջ 93 միլիոն դրամ (200 հազար եւրօ) յատկացնել 12-րդ դարու հայ նշանաւոր մատենագիր եւ մեկնաբան Սարգիս Շնորհալիի «Մեկնութիւն Կաթողիկեայց» աստուածաբանական եւ ձեռագրագիտական բացառիկ արժէք ներկայացնող ձեռագիրը (13-րդ դարուն վերագրուող) գնելու եւ Մատենադարան փոխադրելու համար:
Ամիսներ առաջ «INLIBRIS Gilhofer Nfg» աւստրիական հին ու հազուագիւտ գիրքերու եւ ձեռագրերու մասնագէտ ընկերութիւնը աճուրդի հանած էր Սարգիս Շնորհալիի սոյն աշխատութիւնը։ Մատենադարանի տնօրէնութեան՝ ամիսներ տեւած բանակցութիւններէն ետք կարելի եղած է ձեռագիրը հանել աճուրդէն եւ նուազեցնել նախնական գինը: Սա պայմանաւորուած է նաեւ սեփականատէրերուն՝ ձեռագիրը Մատենադարանին յանձնելու մեծ փափաքով։
Հարկ է նշել, թէ մեծադիր մատեանին մէկ թերթը կը պահուի Մատենադարանին մէջ։ ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։