Փետրուար 20-ին, Հայաստանի սահմանին ծայր առած է Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դիտորդական առաքելութեան 2-րդ շրջանը։
«Հպարտութեամբ կը հաստատենք, որ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան, հսկելով Հայաստանի սահմանին վրայ»,– նշուած է Առաքելութեան X ընկերային ցանցի էջին վրայ։
ԵՄ-ի երկիրներու դեսպանները 2025 Յունուար 29-ին Պրիւսէլի մէջ հաւանութիւն տուած էին Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութեան վերաբերող որոշումին, որով եւրոպացի դէտերը պիտի մնան Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ երկու տարի եւս՝ մինչեւ 2027 Փետրուար 19։
Դէտերու կազմն ու թիւը, ըստ որոշումին՝ պիտի մնան անփոփոխ՝ 165 միջազգային եւ 44 հայաստանցի աշխատող:
ԵՄ-ի 100 դէտեր Հայաստան ժամանած էին երկու տարի առաջ՝ 2023 Փետրուար 20-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։