Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի քաղաքացիութիւն՝ «Սիլիքոնեան հովիտ»-ի ամէնէն ազդեցիկ հայերէն Ռազմիկ Յովակիմեանին

 

Firebird AI-ի համահիմնադիր Ռազմիկ Յովակիմեանին շնորհուած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն։ Անցագիրը ենթակային յանձնած է Հայաստանի Բարձր  արհեստագիտութիւններու նախարար Մխիթար Հայրապետեան:

Ան ղեկավար պաշտօններ վարած է ճափոնական հսկայ Rakuten ընկերութեան մէջ։ Բացի արհեստագիտութիւններու բնագաւառէն ներս ունեցած նշանակալի դերակատարութենէն, Յովակիմեան աշխուժօրէն ներգրաւուած է նաեւ ընկերային ու կրթական նախաձեռնութիւններու մէջ:

Ան կը համագործակցի արժանթինցի ֆութպոլիստ Լիոնէլ Մեսիի ստեղծած հիմնադրամին հետ (Leo Messi Foundation)՝ հանդիսանալով Play Time Sports-Tech Holding-ի համահիմնադիրը եւ ընդհանուր տնօրէնը, որու նախաձեռնութիւնները ուղղուած են նորարարութեան խթանման եւ թուային լուծումներու զարգացման:

Հայ գործարարը կը նախատեսէ շուրջ 500 միլիոն ներդրումով Հայաստանի մէջ ստեղծել արհեստական բանականութեան տուեալներու կեդրոն մը։ Ծրագիրը կ՚ամրապնդէ Հայաստանի արհեստագիտական ներուժը եւ կարեւոր ազդեցութիւն կ՚ունենայ այդ կալուածին զարգացման ու յառաջընթացին վրայ։