Նոյեմբեր 21-27 Հայաստանի 7 մարզերու մէջ (Գեղարքունիք, Տաւուշ, Լոռի, Շիրակ, Կոտայք, Արագածոտն, Սիւնիք) ծագած են մեծ հրդեհներ, որոնք ըստ վերջին լուրերուն՝ ամբողջութեամբ հսկողութեան տակ առնուած էին։
Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակցած են աւելի քան 2700 փրկարարներ, պետական տարբեր կառոյցներ եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան ուղղաթիռը, որ կատարած է 109 թռիչք։
Ցաւօք, Նոյեմբեր 26-ին պարտականութիւնը կատարելու ատեն արկածի զոհ գացած է հրշէջ-փրկարար Տարօն Սիմոնեանը, իսկ չորս այլ փրկարարներ փոխադրուած են հիւանդանոց։
Հրշէջ-փրկարարները յաջողած են կանխել կրակին տարածումը դէպի անտառներ եւ բնակելի տուներ, յատկապէս Դիլիջանի եւ Սեւանի շրջակայքը։ Ներկայիս իրավիճակը վերահսկելի է, իսկ կենդանիներու վնասուելուն մասին լուրերը հերքուած են: ■