Ազգային ժողովը Հոկտեմբեր 2-ի նիստին չէ ընդունած ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած նախագիծը, որ կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան հերքումին պատժելիութեան: Իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը շեշտած է, որ նման կարգաւորում արդէն իսկ կը գործէ:
Այսպէս, ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութեան օրէնքի նախագիծը ստացած է 26 թեր, 58 դէմ, 2 ձեռնպահ ձայն:
Քուէարկութենէն առաջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան արդէն յայտարարած էր, որ դէմ պիտի քուէարկեն:
Նախագիծին համաձայն՝ Հայոց ցեղասպանութեան կամ նմանատիպ յանցագործութիւններու հերքումը, մեղմացումը, հաւանութիւն տալը կամ արդարացնելը կը պատժուի տուգանքով, հանրային աշխատանքներով կամ մինչեւ 4 տարի ազատազրկմամբ։ Եթէ արարքը կատարուի ցեղային, ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան հիմքով ատելութիւն, խտրականութիւն կամ բռնութիւն հրահրելու նպատակով՝ կը նախատեսուի 4-8 տարի ազատազրկում։ Իսկ եթէ ան կատարուի զանգուածային լրատւուութեան միջոցներով, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով կամ ծառայողական լիազօրութիւններու օգտագործումով՝ կը կիրարկուի աւելի խիստ պատիժ՝ 10-15 տարի ազատազրկում եւ մինչեւ 5 տարի որոշ պաշտօններ վարելու իրաւունքէ զրկում։
Գլխադասային պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի դիրքորոշումը ներկայացուցած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Ալխաս Ղազարեան:
“Գտել ենք, որ նախագծի ընդունման անհրաժեշտութիւնն այս պահին բացակայում է, որովհետեւ ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 136-րդ յօդուածն արդէն իսկ նախատեսել է նախագծով ներկայացուած արարքի քրէականացումը”,– նշած էր ան:
Ալխաս Ղազարեան շեշտած էր, որ Հայաստանի ոչ մէկ քաղաքացի հերքած է, չի հերքեր եւ պիտի չհերքէ ալ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:
Ընդդիմութիւնը օրէնքի նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշած էր, որ թէեւ գործող ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 136-րդ յօդուածը կը սահմանէ ցեղասպանութեան հերքումի պատժելիութիւն, սակայն ան չի պարունակեր յատուկ մօտեցում Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ, ինչ որ, ըստ անոր՝ այս պարագային արդարացուած չէ, քանզի նախ բազմաթիւ երկիրներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ արդէն իսկ ճանչած եւ դատապարտած են հայ ժողովուրդին դէմ գործուած այս ոճիրը: «Բացի այդ, ուսումնասիրելով միջազգային փորձը, հարկ է արձանագրել, որ ցեղասպանութիւնը հերքելը, մերժելը կամ ուրանալը քրէօրէն պատժելի արարք է համարւում աշխարհի շատ երկրներում»,– ըսուած է ընդդիմութեան նախագծի հիմնաւորման մէջ: