Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Օգոստոս 12-ին ծայր առած են «Արծիւ գործընկեր-2025» հայ-ամերիկեան միատեղ ռազմափորձերը, որոնք կը շարունակուին մինչեւ Օգոստոս 20։
Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու փառերգերով եւ «Արծիւ գործընկեր» ռազմափորձերու քայլերգով բացուած հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Էդուարդ Ասրեան, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ հիւրեր:
Արարողութիւնը աւարտած է հանդիսաւոր տողանցքով:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։