ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այս շաբաթավերջին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի կ’ունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումին բացումը, մասնակցութեամբ Միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններէն 750 սկաուտներու։ Բանակումին հիւրաբար կը մասնակցին Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու սկաուտական պատուիրակութիւնները։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բոլոր նախաձեռնութիւններուն նման, սկաուտական բանակումը եւս տարի մը յետաձգուեցաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական վերջին բանակումը կայացած էր Միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, Յուլիս 2018-ին։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը տեղի կ’ունենայ 2023 Յուլիս 21-30, Բիւրական, Հայաստան։ Բանակումի նախօրեակին, Հինգշաբթի, Յուլիս 20-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ կը կազմակերպուի մամլոյ ասուլիս՝ ծանօթացնելու համար բանակումին աշխատանքները։ Մամլոյ ասուլիսը ուղղակի կը սփռուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դիմագիրքի էջով։
Բանակումը իր աշխատանքներուն բացումը կը կատարէ Ուրբաթ, Յուլիս 21-ին։ Յաջորդ օր՝ Յուլիս 22-ին, բանակողները Երեւանի մէջ կը կատարեն շքերթ եւ կ’այցելեն Ցեղասպանութեան նահատակաց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։ Պատուիրակութիւններու պատասխանատուները կ’այցելեն նաեւ Եռաբլուրի Արցախեան նահատակաց պանթէոն։
Բանակումը հարուստ է սկաուտական յայտագրերով եւ խաղերով։ Օր մը նախատեսուած է մասնակից պատուիրակութիւններու երկիրներու մշակոյթներուն ներկայացման համար։ Նախատեսուած է նաեւ «Homenetmen got talent»-ի մրցում մը։ Շրջապտոյտներ կազմակերպուած են դէպի Սեւանայ լիճ եւ Գիւմրի։ Յայտագրին մաս կը կազմէ յեղափոխական երգերու երեկոյթ մը՝ Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակի օրը, Յուլիս 27-ին։
Բանակումին փակումը նախատեսուած է Շաբաթ, Յուլիս 29-ին, յատուկ խարուկահանդէսով եւ ծնողներու բանակավայր այցելութեամբ։ Փակման հանդիսութեան կը կատարուի միութեան սկաուտական բարձրագոյն կարգի՝ «Արարատեան» դասընթացքի թեկնածուներուն կարգի տուչութիւնը յատուկ փողկապով եւ հաստատագրով, պաշտօնական հանդիսութեամբ։ Բանակումին գլխաւոր աշխատանքները ուղղակի կը սփռուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դիմագիրքի էջով։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումին նշանաբանն է «Խրոխտ, խիզախ, մի՛շտ պատրաստ»։ Բանակումը ունի իր խորհրդանշանը (հեղինակ՝ եղբ. Յովիկ Փամփալեան, Սուրիայէն) եւ քայլերգը (խօսք եւ երաժշտութիւն՝ եղբ. Ակուսթին Անալեանի, Հարաւային Ամերիկայէն)։
Բանակումին ընդհանուր խմբապետն է եղբ. Պօղոս Մահպուպեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսէն, փոխխմբապետներն են՝ եղբ. Գէորգ Օհանեան Հայաստանէն եւ քոյր Շարլին Գեոզալեան՝ Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն։ Բանակումին խմբապետական գործադիր կազմը բաղկացած է հետեւեալներէն. քոյրեր Թամար Քէշիշեան (Լիբանան), Մենար Պոյաճեան (Միւնիխ), եղբայրներ Յովիկ Փամփալեան (Սուրիա), Արամ Գայսէրեան (ԱՄՆ-ու Արեւելեան շրջան), Ակուսթին Անալեան (Հարաւային Ամերիկա), Գրիգոր Տուլգարեան (Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.) եւ Աւագ Կարապետեան (Քուէյթ)։
Յայտնենք, որ այս տարի կը նշուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու 45-ամեակը։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական առաջին բանակումը տեղի ունեցած է 1978-ին։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին չորս բանակումները տեղի ունեցած են Հայաստանէն դուրս՝ Յունաստան (1978, 1990), Ֆրանսա (1980) եւ Անգլիա (1986)։ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 1994-էն սկսեալ, եւ չորս տարին անգամ մը, անոնք կազմակերպուած են Հայաստանի մէջ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւն