Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ ներկայացուցած է «Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքը

Ապրիլ 29-ին, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է հանդիպում մը թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ, Հայկական հարցին առնչուող նիւթերով բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, Լոս Անճըլըսի UCLA համալսարանի “Promise” հայկական հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագրի ղեկավար Թաներ Աքչամի հետ։

Թաներ Աքչամ ներկայացուցած է «Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքը։ Մենագրութեան մէջ հեղինակը կ’առաջարկէ Թուրքիոյ հիմնադրման պատմութեան նոր մօտեցում մը, ըստ որուն՝ հանրապետութեան ստեղծման օրէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ հաստատուած է ցեղային խտրականութեան (apartheid) համակարգ մը, որ մինչեւ այսօր կը դրսեւորուի փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։

“Թէկուզ բազմաթիւ փաստաթուղթեր բերէք, որ Թալէաթ փաշան հրամայած է կոտորել հայերը, նոյնիսկ այդպէս Էրտողան պիտի շարունակէ ուրանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը կարելի պիտի ըլլայ մի՛այն քաղաքական պայքարով”,– ըսած է Թաներ Աքչամ։

“Բացայայտած եմ փաստաթուղթ մը, որ հայերը ցեղասպանելու որոշումը ընդունուած է տակաւին 1914 Դեկտեմբեր 1-ին”,– նշած է ան։

Ապա, յայտարարելով՝ “Արցախի մէջ պատերազմի դէմ բազմաթիւ ստորագրահաւաքներ կազմակերպեցինք, որոնց մասնակցեցայ», թուրք պատմաբանը անդրադարձած է Արցախի խնդրին ալ։

Ան նշած է, թէ Արցախի մէջ մարդկութեան դէմ մեծ ոճիր մը գործուեցաւ. “Ես կ’աջակցիմ, որ Արցախի ժողովուրդը կարենայ տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն։ Մեծ յոյսեր չեմ փայփայեր այս հարցին մէջ, քանի որ կը յիշեցնէ ցեղասպանութենէն ետք իրենց իրաւունքները վերագտնել փորձող հայոց պարագաները, կը յիշեցնէ նաեւ բազմաթիւ այն պաղեստինցիները, որոնք կը փափաքին վերադառնալ իրենց երկիրը։ Ամէնէն կարեւորը, որ պէտք է նշեմ, վերադարձի իրաւունքն է, որուն համար պէտք է պայքարիլ”։