Յուլիս 4-ին, ճանաչողական այցով Հայաստան ժամանած Ժընեւի մարդկային իրաւանց ակադեմիայի շուրջ քսան ուսանողներ այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան (ՀՑԹ): Վերջիններս Հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս ցեղասպանութիւններու նիւթին շուրջ հանդիպում-քննարկում ունեցած են ՀՑԹ-ի՝ Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ազերպայճանի հայաբնակ շրջաններուն մէջ հայութեան բռնաճնշումներու ուսումնասիրութեան բաժնի վարիչ Յարութիւն Մարութեանի, «Վ. Տատրեան» բաղդատական ցեղասպանագիտութեան բաժնի վարիչ Սուրէն Մանուկեանի, նոյն բաժնի գիտաշխատող Նարեկ Պօղոսեանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան աղբիւրագիտական ուսումնասիրութիւններու բաժնի գիտաշխատող Ռոբերտ Թաթոյեանի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման, Ազերպայճանի՝ պետական մակարդակով վարած հակահայկական քաղաքականութեան, եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։