ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԾԱՂԿԱՁՈՐ – Հանդիպում՝ հրապարակախօս, լրագրող Անժելա Սահակեանի հետ

Օգոստոս 16-ին, Հայաստանի գրողներու միութեան Ծաղկաձորի հանգստեան տան մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ հրապարակախօս, լրագրող Անժելա Սահակեանի հետ։ Ներկայ եղած են գրողներ, մշակութային գործիչներ, ընթերցասէրներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Ռուսաստանի ակադեմիկոս, փրոֆ., Կոտայքի մարզի Գործարարներու միութեան նախագահ Աշոտ Օհանեան։ Գործարար Վարուժան Ալեքսանեան անդրադարձած է Հայաստան-սփիւռք կապերուն։ Ելոյթ ունեցած է նաեւ «Յակոբ Պարոնեան» պետական թատրոնի դերասանուհի Մարգարիտ Խաչատրեան՝ ընդգծելով նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը։

 

Խօսք առած են նաեւ գրականութեամբ եւ լրագրութեամբ հետաքրքրուող ընթերցասէրներ։

Գրականագէտ Արմէն Ավանէսեան իր յղած ուղերձին մէջ անդրադարձած է Անժելա Սահակեանի ծաւալած գործունէութեան եւ կատարած աշխատանքներուն։

Հուսկ՝ խօսք առած է ծագումով արցախցի Տիկին Սահակեան՝ շեշտելով հայ ինքնութեան, հայկական ոգիին ու ազգային արժէքներուն պահպանման հրամայականը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ։

Սրտբաց զրոյցի եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ աւարտած է երեկոյթը։