Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան կը ծրագրէ Կիպրոսի մէջ դեսպանատուն բանալ

Մայիս 16-ի կառավարութեան նիստին քննարկուած է Կիպրոսի մէջ դեսպանատուն բանալու նախագիծը, որուն առնչուող հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Հայաստան եւ Կիպրոս երկու աւանդապէս բարեկամ երկիրներ են եւ ներկայիս անոնց դեսպանութիւնները կը գործեն համատեղութեան կարգով՝ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նստավայրը Աթէնք է, իսկ Հայաստանի մէջ Կիպրոսինը՝ Մոսկուա:

Հայաստանի նոր դեսպանութեան նստավայրը Նիկոսիա պիտի ըլլայ։