Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան կը հակազդէ արցախցի հիւանդին՝ Ազերիներու կողմէ առեւանգումին

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան՝ անդրադառնալով Ազերպայճանի կողմէ 68-ամեայ Արցախցիի առեւանգումին, որ Հայաստան կը փոխադրուէր բուժման նպատակով, յայտարարած է.

«Անհանգստացած ենք լուրերից, որ 68-ամեայ բուժառուն, որ Արցախից Հայաստան բուժօգնութեան էր տեղափոխւում՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ, առեւանգուել է Ադրբեջանի սահմանապահ ծառայութեան կողմից ապօրինի տեղադրուած անցակէտում։ Միջազգային մարդասիրական պաշտպանութեան տակ գտնուող անձի առեւանգումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է»: