Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՀՀ ՄԻՊ-ի գրասենեակ.- «Freedom House-ի 2021-ի զեկոյցին մէջ օգտագործուած են Արման Թաթոյեանի յայտարարութիւնները»

ՀՀ Մարդկա­յին իրա­ւանց պաշտպա­նի (ՄԻՊ) գրա­սենա­կէն կը տե­ղե­կա­­ցնեն, որ Freedom House իրա­ւապաշտպան կազ­մա­կեր­պութեան հրա­պա­րա­կած «Հա­մացան­ցի ազա­տու­թիւն 2021» զե­կոյ­ցին մէջ հիմք ըն­դու­նուած են նաև Հա­յաս­տա­նի ՄԻՊ Ար­ման Թա­թոյեանի յայ­տա­րարու­թիւն­նե­րը։

Մաս­նա­ւորա­պէս, այնտեղ յղում կա­տարուած է 2020 Սեպ­տեմբեր-Նո­յեմ­բեր ամիս­նե­րու պա­տերազ­մին ՀՀ մարդկա­յին իրա­ւանց պաշտպա­նին ա՛յն յայ­տա­րարու­թեան, որով ծնող­նե­րուն և երա­խանե­րուն կոչ կ՚ըլ­լար չա­փազանց զգուշ ըլ­լալ ըն­կե­րային ցան­ցե­րէն օգ­տուելու ժամանակ եւ խու­սա­փիլ յատ­կա­պես TikTok-էն՝ վկա­յակո­չելով թրքա­կան եւ ազէր­պայճ­ա­նական աղ­բիւրնե­րէն տա­րածուող բռնու­թեան կո­չերը:

Շատ կա­րեւոր է նաեւ Freedom House-ի զե­կոյ­ցին մէջ օգտագործումը՝ 2020-ի տա­րեվեր­ջին ազէր­պայճա­նական եւ թրքա­կան աղ­բիւրնե­րէն տա­րածուող ատե­լու­թեան խօս­քի վե­րաբե­րեալ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Մարդկա­յին իրա­ւանց պաշտպան­նե­րու միացեալ զե­կոյ­ցին, ըստ որուն՝ Դի­մագիրք, Թուիթըր ու Թիք-Թոք ցան­ցե­րու մէջ կը հնչեն սպա­նու­թիւննե­րու, խոշ­տանգումնե­րու, ան­մարդկա­յին վե­րաբե­րու­մի և մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան վայ­րե­րու ոչնչաց­ման կո­չեր։

Freedom House-ը իր զե­կոյ­ցը կազ­մե­լու ատեն նկա­տի առած է նաեւ պա­տերազ­մի ու ռազ­մա­կան դրու­թեան ժա­մանակ կի­րար­կուած սահ­մա­նափա­կումնե­րը, որոնց մա­սին անցեալ տա­րի իր քննա­դատա­կան դիր­քո­րոշումնե­րով նոյնպէս հան­դէս եկած էր Ար­ման Թա­թոյեան։ ■