ՀԱՅԱՍՏԱՆ – «Մարտ 1»-ի գործով Քոչարեանին եւ միւսներուն դէմ մեղադրանքները կը փոխուին

ՀՀ Գլխա­ւոր դա­տախազ Ան­նա Վար­դա­պետեան Ազ­գա­յին ժո­ղովի լսումնե­րուն ըն­թացքին յայտնած է, որ «Մարտ 1»-ի գոր­ծով Ռո­բերտ Քո­չարեանի, Սէյ­րան Օհա­նեանի, Եու­րի Խա­չատու­րո­վի եւ Ար­մէն Գէոր­գեանի դէմ փո­փոխուած մե­ղադ­րանքնե­րը շու­տով պի­տի ներ­կա­յացուին դա­տարան։

Վճռա­բեկ դա­տարա­նը Սեպ­տեմբեր 2024-ին բե­կանած էր նա­խորդ որո­շումնե­րը, որոնք փա­կած էին գոր­ծը (յե­նելով 300.1 յօ­դուա­ծի հա­կասահ­մա­նադ­րա­կան ըլ­լա­լուն վրայ)։ Հի­մա, մե­ղադ­րանքը վե­րաորա­կուած է Քրէական օրէնսգիր­քի 309-րդ յօ­դուա­ծի 3-րդ մա­սով (պաշ­տօ­նի լիազօ­րու­թիւննե­րու զան­ցա­ռում, որ ծանր հե­տեւանքներ ու­նե­ցած է)։

Դա­տախա­զու­թիւնը 670 մի­լիոն դրամ կը պա­հան­ջէ

Գլխա­ւոր դա­տախա­զու­թիւնը նաեւ դի­մում ներ­կա­յացու­ցած է Հա­կակո­ռուպցիոն (Եղ­ծանման դէմ պայ­քա­րի) դա­տարան՝ պա­հան­ջե­լով վե­րոն­շեալ ամ­բաստա­նեալ­նե­րէն բռնա­գան­ձել 670 մի­լիոն դրամ։ Սա այն գու­մարն է, որ պե­տու­թիւնը վճա­րած է «Մարտ 1»-ի զո­հերու ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ տու­ժածնե­րուն։ Դա­տարա­նը ըն­դա­ռաջած է մե­ղադ­րեալ­նե­րու գոյ­քը գրա­ւի տակ դնե­լու դի­մու­մին։

Քննու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի

Հա­կակո­ռուպցիոն կո­միտէի նա­խագահ Ար­թուր Նա­հապե­տեան վստա­հեցու­ցած է, որ գոր­ծը փա­կու­ղի չէ մտած, ինչպէս կը պնդեն շա­տեր։ Ան նշած է, որ քննու­թիւնը բա­ցայայ­տած է կեղ­ծուած նիւ­թեր եւ սուտ ցուցմունքներ, որոնք կը նպա­տակադ­րէին թաքցնել բա­նակին մաս­նակ­ցու­թիւնը։ Քննչա­կան խումբը կը շա­րու­նա­կէ լայ­նա­ծաւալ աշ­խա­տան­քը՝ նե­րառեալ զէն­քե­րու եւ փամ­փուշտնե­րու նոր փոր­ձաքննու­թիւններ։