Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ Հայոց եռագոյնը կը շողայ Յունաստանի մէջ
Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ, Կրետէ կղզիի Քանիա քաղաքի ծանօթ փարոսը եւ երկրին հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ալեքսանդրուպոլի քաղաքապետարանին շէնքը լուսաւորուած են Հայոց եռագոյնով։ Լուրը հաղորդած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Հայաստանի եւ Յունաստանի հանրապետութիւնները այս տարի կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-րդ յոբելինական տարեդարձը: Երկու երկիրները 1992 Յունուար 20-ին հաստատած են դիւանագիտական կապեր: