Հայաստանի ներկայի ախոյեան «Նոա» ֆութպոլի ակումբը Էջմիածին քաղաքին մէջ Ֆութպոլի Եւրոպայի դաշնակցութեան՝ UEFA-ի չափանիշերուն համապատասխան 4-րդ կարգի գերարդիական մարզադաշտ մը պիտի կառուցէ՝ շուրջ 15․000 հանդիսատեսիհամարնախատեսուած։
Կառավարութեան Սեպտեմբեր 18-ի նիստին հաստատուած է «Նոա»-ի անունով՝ «Imagine Yerevan» ընկերութեան ներկայացուցած աւելի քան 7 միլիառ դրամի ներդրումային ծրագիրը։
“Ծրագիրը կը կայանայ երկու փուլով. առաջինով կը նախատեսուի մինչեւ 2030 վերակառուցել եւ արդիականացնել Վաղարշապատի ֆութպոլի ակադեմիան։ Երկրորդ փուլով կը նախատեսուի կառուցել մարզադաշտը՝ յարակից ենթակառոյցներով՝ սնունդի, ժամանցի կէտերով, ինչ որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ նաեւ հիւրընկալելու միջազգային մրցաշարքեր”,– ըսած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։
Վարչապետ Փաշինեան ալ ընդգծած է, որ կառավարութիւնը կը կեդրոնանայ նաեւ Ակադեմական քաղաքին մէջ մեծ ազգային մարզադաշտին կից քանի մը այլ մարզադաշտերու եւս կառուցման վրայ, ուր կարելի կ՚ըլլայ կազմակերպել միջազգային խաղեր։
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարին համաձայն՝ այժմ աշխատանք կը տարուի նաեւ Վանաձորի մէջ UEFA-ի 4-րդ դասի մարզադաշտ ունենալու ուղղութեամբ։
“Յիշեցնեմ, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնները միասնաբար դիմում ներկայացուցին 2029-ին՝ մինչեւ 20 տարեկաններու համաշխարհային ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու կապակցութեամբ”,– նշած է Ժաննա Անդրeասեան։
Վաղարշապատի մէջ կառուցուելիք համալիրը բացի մարզադաշտէն կ՚ընդգրկէ նաեւ բարձրակարգ պանդոկային համալիր, փակ մարզադաշտ, հանրակրթական դպրոց, մարզասրահ, լողաւազան, մարզիկներու յատուկ հանրակացարան, ֆութպոլի ակադեմիա, 4-6 բնական եւ արհեստական խոտածածկ մարզադաշտ։