ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Վաղմիջնադարեան դամբարան՝ ձկնաբուծարանի փոխարէն

Երբ Քասախ գետի կիրճին մէջ Օհանաւան գիւղի բնակիչներէն մէկը իր սեփական հողին վրայ կը ծրագրէր ձկնաբուծարան կառուցել, մտքէն չէր անցներ, թէ ինչով պիտի աւարտէին հողը փորելու իր աշխատանքները։ Այդ ընթացքին ան յայտնաբերած է վաղ քրիստոնէական ժայռափոր դամբարան մը եւ անոր կից փոքրիկ եկեղեցի մը, որմէ պահպանուած են խորանն ու մոմավառութեան հետքերը։

Ժայռերէն եկած սողանքը, ժամանակի ընթացքին փակած էր մուտքը, որ բացուած է ծանր սարքերու օգնութեամբ։ Հնագիտական մեծ աշխատանք պէտք է կատարուի հոս, ի հարկէ, նախ եւ առաջ ամրացնելով պատերը, քանի որ փլուզման վտանգ կայ։

Ըստ աւանդութեան՝ Քասախի ձորին մէջ սիրած է ամռան տապէն խուսափիլ ու հանգստանալ Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ նաեւ մեկուսացած ու ճգնած է այս վայրերուն մէջ։ Արշակունի թագաւորները նոյնպէս Քասախ գետի մօտակայքը ամարանոց ունեցած են։ Թերեւս ժայռի մէջ խորանալու պարագային յայտնաբերուին դէպի Յովհաննավանք կամ Ս. Յովհաննէս տանող գետնուղինե՞ր…։