ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Վարչապետը կ՚ամբաստանէ նախկին նախագահները՝ Արցախի խաղաղութեան ծրագրերու հարցով անգործութեան կամ խաբեբայութեան մեղադրանքով

Վարչապետ Փա­շինեան ըն­կե­րային ցան­ցի իր էջին վրայ նոր տե­սերիզ մը հրա­պարա­կած է՝ ման­րա­մաս­նե­լով, թէ ին­չո՛ւ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին երեք ղե­կավար­նե­րը իրենց կա­ռավար­ման շրջան­նե­րուն կեան­քի չեն կո­չած ար­ցա­խեան հար­ցի՝ իրենց նկա­րագ­րած լու­ծումնե­րը։

Ասոր հա­մար կրնայ ըլ­լալ եր­կու տար­բե­րակ։ Առա­ջինը՝ որ ցու­ցա­բերած են յան­ցա­ւոր ան­գործու­թիւն, գու­ցէ ծա­ռայե­լով ոչ թէ Հա­յաս­տա­նի, այլ օտար եր­կիրնե­րու շա­հերուն, մեզ զրկե­լով Ղա­րաբա­ղի հար­ցի հո­յակապ լու­ծումէ մը կամ լու­ծումնե­րէ, եւ երկրորդ տար­բե­րակը՝ որ իրենց կող­մէ նկա­րագ­րուող այդ հո­յակապ լու­ծումնե­րը պար­զա­պէս մտա­վար­ժանքի վրայ հիմ­նուած քա­ղաքա­կան խա­բեբա­յու­թիւն են եւ անոնց գոր­ծադրու­թիւնը եր­բեք ալ կա­րելի չէ եղած։

Ու­րիշ տար­բե­րակ պար­զա­պէս չկայ”,ըսած է վար­չապետը։