Վարչապետ Փաշինեան Կիրակի, Նոյեմբեր 30-ին ներկայ գտնուած է Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին։ Վարչապետին հետ պատարագին ներկայ գտնուած են նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը եւ այլ ՔՊ—ականներ։
Պատարագին մասնակցած է նաեւ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեանը, որ «Մեր ձեւով» շարժումը համակարգող խորհուրդի նախագահն է:
Արարողութեան ընթացքին դարձեալ չէ յիշատակուած Գարեգին Բ.-ի անունը։ Այնուհետեւ, բանտը գտնուող Բագրատ Գալստանեանի երկու աջակիցներ սկսած են «Գարեգին Բ.՝ կաթողիկո՛ս» վանկարկումներ հնչեցնել որու պատճառաւ ալ հեռացուած են եկեղեցւոյ տարածքէն:
Նշենք, որ Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին Կաթողիկոսը քննադատած ու Փաշինեանի շնորհակալութեան արժանացած հոգեւորականներէն Նաւասարդ Կճոյեանի առաջնորդած Արարատեան թեմի եկեղեցիներէն է: