Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան վերահաստատած է  իր յանձնառութիւնը՝ ապահովելու Արցախի ժողովուրդին՝ իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը

Պաքու կը հակադարձէ պնդելով թէ՝

Հայաստան «անջատողականութիւն կը խրախուսէ Ազէրպայճանի տարածքին մէջ»

 

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մարաղայի կոտորածի 30-րդ տարելիցին կապակցութեամբ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.-

«Մարաղայում իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները փաստագրուած են մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւնների, ներառեալ՝ Human Rights Watch-ի եւ Amnesty International-ի զեկոյցներում։

Մարաղայի կոտորածը, որը դարձաւ Սումգայիթում, Կիրովաբադում եւ Բաքւում կազմակերպուած Հայերի ջարդերի շարունակութիւնը, Ադրբեջանի իշխանութիւնների կողմից Հայերի նկատմամբ ատելութեան եւ ցեղային զտումների քաղաքականութեան յաջորդական դրսեւորումն էր։

Ներկայիս ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից Լեռնային Ղարաբաղում հայ քաղաքացիական բնակչութեան շարունակական թիրախաւորումն ու մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծելու ուղղուած գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ անցեալ Մարտ 24-ից Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերի պատասխանատւութեան գօտի ներխուժումը, որի հետեւանքով աւելի քան 400 անձ ստիպուած տեղահանուեց, վկայում են Բաքուի իրական նպատակի մասին՝ ամբողջական ցեղային զտումների ենթարկել Արցախը։

Այսօր մենք յարգանքի տուրք ենք մատուցում Մարաղայի կոտորածների զոհերի յիշատակին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերահաստատում է իր յանձնառութիւնը՝ ապահովելու Արցախի ժողովրդի՝ իր հայրենիքում ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը, եւ ընդգծում՝ միջազգային հանրութեան ջանքերի հրատապութիւնը՝ կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան գոյութենական անվտանգութեան համար սպառնալիքները»։

 

Պաքուի մէջ ՀՀ ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնը գնահատած են իբրեւ 

«անջատողականութեան խրախուսում Ազէրպայճանի տարածքին մէջ»

Մարաղայի վայրագութիւններու եւ Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու տարելիցին առիթով՝ Հայաստանի ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնը Պաքուի մէջ գնահատած են որպէս «անջատողականութեան խրախուսում Ազէրպայճանի տարածքին մէջ»։

Ազէրպայճանի ԱԳՆ-ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ հայկական կողմի մեղադրանքները կը հերքեն եւ զայն կը նկատեն իբրեւ «անհիմն, հակաիրաւական, թշնամական յայտարարութիւն»։

«Վճռականօրէն կը դատապարտենք հայկական կողմի ապակառուցողական դիրքորոշումն այն պարագային, երբ ընդունուած են որոշումներ երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման քայլերու ձեռնարկելու մասին»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Լուրը հաղորդած է APA գործակալութիւնը։

«Ինչի՞ հիման վրայ Հայաստան, որ ցեղային զտումներու ենթարկած է շուրջ մէկ միլիոն Ազէրիներ, շուրջ 30 տարի կոպտօրէն խախտած է այդ մարդոց հիմնական իրաւունքները, պատերազմական բազմաթիւ ոճիրներ գործած է իր նախայարձակման ժամանակ, ինչպէս՝ Խոճալուի մէջ գազանաբար սպանելով 613 քաղաքացիներ, պատասխանատւութիւն կրելով տակաւին 90-ականներու սկիզբը անհետացած շուրջ 4 000 Ազէրպայճանցիներու ճակատագրին եւ զանգուածային թաղումներուն համար, մինչ օրս խուսափելով այդ պատասխանատւութենէն՝ կը խօսի զանգուածային սպանութեան, ցեղային զտման մասին։

Հայաստանի ԱԳՆ-ի սոյն յայտարարութիւնը, որ կը խրախուսէ անջատողականութիւնը Ազէրպայճանի տարածքին՝ միջազգային իրաւունքի խախտումով միջամտելով այլ պետութեան ներքին գործերուն, խափանելով տարածաշրջանի խաղաղութեան կերտման ջանքերը, կ՚ապացուցէ թէ՝ միւս կողմին իրական մտադրութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ խաղաղ գոյակցութիւնը չէ։ Հայաստանի ընտրութենէն անկախ՝ Ազէրպայճան կը շարունակէ զարգացման եւ յառաջընթացի քայլերու ձեռնարկել իր միջազգային սահմաններու շրջանակին մէջ՝ իր պարտաւորութիւններուն եւ միջազգային իրաւունքին համապատասխան»,– ընդգծուած է Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։