Վարչապետ Փաշինեան մեկնաբանելով եպիսկոպոսներու Նոյեմբեր 27-ի յայտարարութիւնը, ըսած է, որ կ՚աջակցի անոր հեղինակներուն դիրքորոշման։ “Որպէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ՝ կ՚ընդունիմ այս յայտարարութիւնը որդիական խոնարհութեամբ եւ նուիրուածութեամբ։ Որպէս կառավարութեան ղեկավար՝ ես զայն կ՚ընդունիմ վճռականութեամբ եւ անսասանութեամբ”,– նշած է ան։
Փաշինեան աւելցուցած է, որ հոգեւորականութեան համաձայնութեամբ՝ պատրաստ է «այսօր» (Նոյեմբեր 27-ին) հանդիպելու անոնց հետ՝ հետագայ քայլերը քննարկելու համար։
Այս առաջարկին ընդառաջած են Աբրահամ արքեպիսկոպոս Մկրտչեանը, Առաքել արքեպիսկոպոս Քարամեանը, Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեանը, Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը, Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանը, Առաքել եպիսկոպոս Տիգրանեանը եւ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, որոնց հետ վարչապետը հանդիպում ունեցած է նոյն օրը։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է սրբազաններուն՝ իրենց «սկզբունքային դիրքորոշման համար», զոր արտայայտած են հրապարակային կերպով։ Փաշինեան յատկապէս խօսած է արժեհամակարգի դերին մասին։
“Ես կը կարծեմ, որ այն թեման, զոր դուք արծարծած էք անձի մը նշումով, մեզ դէմ-յանդիման կը դնէ շատ կարեւոր ընդհանրական օրակարգի մը”,– ըսած է վարչապետը։
Փաշինեան նաեւ նշած է, որ պետութեան եւ հասարակութեան՝ իսկական արժէքներու վրայ հիմնուած ըլլալը կապուած է նաեւ հոգեւոր կեանքին հետ։ Ընդգծած է, որ մեր արժէքները նախ եւ առաջ կ՚առնչուին մեր հոգեւոր արժէքներուն, եւ մեր վերապահած տեղը հոգեւոր արժէքերուն՝ մեծապէս կը կանխորոշէ նաեւ պետութեան եւ հասարակութեան արժէքները։
“Ես կարդացի ձեր յայտարարութիւնը ճիշդ այդ դիտանկիւնէն եւ հոն տեսայ արտայայտութիւնը նոյն կարգի մտահոգութեան”,– շեշտած է Փաշինեան։
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռէն յայտնած են, որ յայտարարութիւնը խեղաթիւրումներով շարադրուած է։

Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան Factor TV-ի հարցումին, թէ արդեօք խախտա՞ծ է կուսակրօնութեան ուխտը, պատասխանած է, որ այդ հարցը «դուրս կ՚ելլէ բարեկրթութեան սահմաններէն»։
“Դուք ուղղակի կը մտնէք իմ անձնական յարաբերութիւններու դաշտը։ Ոեւէ մէկուն անդր-որովայնային (մէջքէն վար — «ՆՅ») յարաբերութիւնները չեն վերաբերիր ուրիշ ոեւէ մէկուն։ Իսկ իշխանութիւնները կամ ոեւէ այլ անձ, երբ որ անդրորովայնային տրամաբանութեամբ կը շարժի, կը նշանակէ, որ իրենց հետաքրքրութիւնները բացառապէս այդ ոլորտին կը վերաբերին։ Մինչդեռ այդ բացարձակապէս չի մտներ իշխանութիւններու եւ սովորական անձերու իրաւասութեանց մէջ”, – նշած է արքեպիսկոպոսը։ ■