Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Գորիսի մէջ բացուած է Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութիւնը

Յունիս 2-ին, իր աշխատանքները սկսած է Ֆրանսա-Հայաստան ապակեդրոնացուած գործակցութեան 5-րդ երկօրեայ ժողովը։ Ներկայ եղած են երկու երկիրներու դեսպաններ՝ Արման Խաչատրեան եւ Օլիվիէ Տըքոթինյի, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան, օրէնսդիր, գործադիր մարմիններու եւ քաղաքային իշխանութիւններու աւելի քան չորս հարիւր ներկայացուցիչներ։

Վահան Կոստանեան իր ելոյթին ընդգծած է սոյն համաժողովին գումարումը Սիւնիքի մարզին մէջ, նկատի ունենալով Հայաստանի համար այս մարզին ռազմավարական նշանակութիւնը եւ անոր զարգացման եւ դիմադրութեան ամրապնդման կարեւոր հանգամանքը։

Նոյն օրը Գորիսի մէջ տեղի ունեցած է Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակին պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Գորիսը Հայաստանի ամէնէն ֆրանսախօս քաղաքն է եւ գրասենեակին բացումը տրամաբանական շարունակութիւնն է ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու զարգացման շրջանակին մէջ։

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի պահը յուզիչ համարելով յայտնած է, թէ ֆրանսացիներուն համար Սիւնիքի խաչմերուկը հանդիսացող Գորիսը առանձնայատուկ քաղաք մըն է, որ ամէնէն ամուր կապերը ունի Ֆրանսայի հետ։ Ան յատկապէս անդրադարձած է Սիւնիքի մարզի եւ Օվեռնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ համայնքներու միջեւ հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւններուն։

“Մեզի յաճախ հարցում կ՚ուղղեն, թէ ի՛նչ կը ներկայացնէ պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակը, որ աւելին է քան հիւպատոսութիւնը։ Իսկ ինչո՞ւ հիւպատոսութիւն չէ, որովհետեւ հոս բաւարար չափով ֆրանսացի չի բնակիր։ Պատուոյ հիւպատոսութիւնը վայր մըն է, ուր պիտի գան տարբեր նպատակներով հոս գտնուող ֆրանսացիները, որոնք կ՚այցելեն Հայաստան, որոնք կու գան օգնելու Հայաստանին եւ որոնք կու գան աշխատելու Հայաստանի մէջ։ Արդէն 19 տարիէ ի վեր այն ֆրանսացիները, որոնք կու գան Գորիս գործելու, օգնելու կամ ուղղակի պտոյտի համար, կ՚այցելեն Գորիսի մէջ Ֆրանսախօսութեան կեդրոնը, իսկ այդ կեդրոնը ապրեցնող ուժը Կարմեն Ափունցն է, որ նշանակուած է Գորիսի մէջ Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոս։ 

Կեցցէ՛ Սիւնիքը, կեցցէ՛ Գորիսը եւ կեցցէ՛ ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը”,– ըսած է դեսպանը։

Խօսք առած է նաեւ նորանշանակ պատուոյ հիւպատոսուհին, որ 2006-էն ի վեր Գորիսի Ֆրանսախօսութեան կեդրոնին ղեկավարն է։ “Ֆրանսական մշակոյթը եւ ֆրանսերէնը ինծի համար շատ կարեւոր են, եւ արդէն շուրջ 20 տարիէ ի վեր ես մեծ նուիրումով կ՚աշխատիմ այս մարզին մէջ եւ պիտի շարունակեմ աշխատիլ”,– նշած է ան։

Պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակին ժապաւէնը կտրած են Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան, դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, պատուոյ հիւպատոսուհի Կարմեն Ափունց եւ Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան։